մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Փետուրը

Թռչուններուն քով իրարանցում է… Սիրելի վարդապետին ուսերուն թառած, սիրելի վարդապետին շուրջը հաւաքուած, ամեն մէկ թռչուն կը փորձէ իր փետուրը յանձնել վարդապետին… Իմս… իմս… իմ փետուրս… Իմս… իմս… իմ փետուրս… Ի՛նչ աղմուկ… Ի՛նչ իրարանցում… Վարդապետը վերջապէս կը լռեցնէ բոլո՜ր թռչունները… Չի՛ք, չիք, աղմուկը չի΄ք… Չի՛ք, չիք եւ հրա՛շք… Հլու հնազանդ կը լռեն բոլո՜ր թռչունները… Քար լռութիւն… […]

Օձին շապիկը

Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք ունի՞… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձը շապիկ ունի, իսկ շապիկը օձիք չունի… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Օձին շապիկը, շապիկին օձիքը… Ո՞ւր է պարանի պէս երկար պոչով Պարոն օձին շապիկին օձիքը…

Օճառը

Սեւ ագռաւը օճառ գտաւ. օճառը առաւ ճուլո՛ւմբ, ջուրը մտաւ, ամբողջ օրը ան լոգցաւ… Լուա՜ց կըտ կտուցը… Լուա՜ց փոր փորիկը… Լուա՜ց պոչ պոչիկը… Բայց սեւ գոյնը չանցաւ, չանցաւ… Սեւ ագռաւը շա՛տ բարկացաւ, սաստի՛կ զայրացաւ… Ջուրէն ելաւ, օճառը նետեց ու կռկռաց՝ – Ղա՜, ղա՜, օճա՞ռ է սա…

Օճառը եւ օճառը

Օճառը հարցուց օճառին՝ – Ինչո՞վ կ՚օճառուիս… Օճառը պատասխանեց օճառին՝ – Օճառով կ՚օճառուիմ… Օճառը օճառով օճառուեցաւ, օճառուեցաւ, օճառուեցան, օճառուեցան, փրփրեցան, փրփրեցան, հալեցան, հալեցան, անհետացան…

Պըճինկօ

Այբ Բեն Գիմ, ձեզի հանելուկ ունիմ… Դա Եչ Զա, ան որ կը գիտնայ… Է Ըթ Թօ, պէտք է ըսէ՝ պըճինկօ… Ժէ Ինի Լիւն, շատ դիւրին… Խէ Ծա Կեն, ո՞վ ելաւ ծակէն… Հօ Ձա Ղատ, ո՞վ ունի սապատ… Ճէ Մեն Յի, շապիկ ունի, կոճակ չունի… Նու Շա Ո, մուկը ուղտը, Պարոն օձը, պըճինկօ… Չա Պէ Ջէ, […]

Աղջիկ աղջիկ

Աղջիկ, աղջիկ, մուկի պոչիկ, տաք, տաք ջուրով, անուշ բաղնիք… Պզտիկ բերան՝ մատուռի խորան… Բարակ մատներ՝ մատուռի մոմեր… Աղջիկ, աղջիկ, ոսկի աղջիկ, վարդի ջուրով, անուշ բաղնիք… Պզտիկ բերան՝ մատուռի խորան… Բարակ մատներ՝ մատուռի մոմեր… Երկար մազեր՝ մատուռի աւել…

Ամպը

Գլխուս վրայ ամպ մը կայ, ամպէն անձրեւ կը տեղայ… Մաղ մաղ թող տեղայ, մաղ մաղ անձրեւ թող տեղայ… Անձրեւը տանիմ արտին տամ, արտը ինծի ցորեն տայ… Ցորենը տանիմ ջաղացքին տամ, ջաղացքը ինծի ալիւր տայ… Մաղ մաղ թող տեղայ, մաղ մաղ ալիւր թող տեղայ… Ալիւրը տանիմ տաշտին տամ, տաշտը ինծի խմոր տայ… Խմորը տանիմ թոնիրին տամ, […]

Այբուբենը

Այբ Բեն Գիմ, կարդալ գրել կը սորվիմ… Դա Եչ Զա, շա՛տ շուտ սորվեցայ… Է Ըթ Թօ, դուն կ’ըսես՝ ո՛չ, ես կ’ըսեմ՝ այո՛… Ժէ Ինի Լիւն, շա՜տ դիւրին… Խէ Ծա Կեն, մտայ տակէն, ելայ վրայէն… Հօ Ձա Ղատ, քառասո՛ւն խրատ… Ճէ Մեն Յի, ականջներուս օ՛ղ ըրի… Նու Շա Ո, ի՞նչ ընեմ յետոյ… Չա Պէ Ջէ, գիրք […]

Աքլորիկը

Ոսկի արեւը ծագեր է, ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝ կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր… Բուրդէ վերմակը տաքուկ է, բամպակէ բարձը փափուկ է… Աքլորիկը թող լռէ, աքլորիկը թող լռէ, աքլորիկը թող լռէ… Ոսկի արեւը ծագեր է, ժամացոյցին աքլորիկը կը կանչէ՝ կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր, կուկուլիկու արթնցիր… Անկողինէն ելլելը անկարելի է, երազը տակաւին վերջացած չէ… Աքլորիկը թող […]

Բժիշկը

Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր բժիշկ մը… Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր եւ խոշոր քիթով բժիշկ մը… Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜, վա՛յ, փորիկս կը ցաւի… Ինծի պէտք է բժիշկ մը, ակնոցաւոր, խոշոր քիթով եւ գանգուր մազով բժիշկ […]