մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Դասարանը

Պատ եւ պատ՝ քանի՞ պատ, պատ եւ պատ՝ չո՛րս պատ. դուռ պատուհան, աթոռ սեղան, ուսուցիչը կը մտնէ դասարան… Չորս պատերը կը ծլի՜ն, կը ծաղկի՜ն, պարտէզնե՜ր, անտառնե՜ր, հսկայ ծառեր՝ թռչուննե՜ր, լեռներ ձորեր՝ կենդանինե՜ր, գետեր ծովեր՝ ալիքնե՜ր, կայծակնե՜ր, որոտումնե՜ր… Կը սարսափիմ, կը շուարիմ… Դուռը բանամ ու փախչի՞մ, թէ խելօ՜ք խելօք տե՛ղս նստիմ… Խելօ՜ք խելօք տե՛ղս նստիմ…

Երկարակլորախմորածակ

Այն ի՞նչ է, ի՞նչ… Երկար է… Երկար է եւ կլոր է… Երկար է, կլոր է… Կլոր է եւ խմոր է… Երկար է, կլոր է, խմոր է… Խմոր է եւ շատ համով է… Երկար է, կլոր է, խմոր է, շատ համով է… Երկարակլորախմորածակ… Երկարակլորախմորածակ… Վո՛ւյ… Քի՛թդ սրբէ..

Եօթը Ընկեր

Գետնառիւծը մողէզին ընկերն էր՝ մտերի՜մ ընկերը, սակայն գետնառիւծը մի՛շտ իր գոյնը կը փոխէր… Երբեմն կանանչ էր՝ տերեւին պէս կանանչ, երբեմն կապոյտ՝ երկինքին պէս կապոյտ… Երբ բարկանար կարմիր կը դառնար, իսկ երբ զարմանար՝ նարնջագոյն… Երբ վախնար դեղին կը դառնար, իսկ երբ ամչնար՝ մանիշակագոյն… Գետնառիւծը մողէզին ընկերն էր, մտերի՜մ ընկերը, իսկ մողէզը երջանիկ էր, կը կարծէր՝ թէ […]

Ընկերը

Ծառին վրայ խնձորներ, խնձորներ, խնձորներ… Ծառին տակը ընկերներ, ընկերներ, ընկերներ… Խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ, խնձոր տամ, ընկեր ըլլամ, ընկեր, ընկեր, հետս կեր, ընկեր, ընկեր, նոր ընկեր, ընկեր, ընկեր, հին ընկեր, ընկեր, ընկեր, լաւ ընկեր… Ծառին վրայ խնձորներ, խնձորներ, խնձորներ… Ծառին տակը ընկերներ, ընկերներ, ընկերներ… Խնձորներ, ընկերներ… Ընկերներ, խնձորներ…

Ընտանիքը

Հայրիկ, մայրիկ, եղբայր, քոյրիկ՝ ընտանիք… Հայրիկին եղբայրը՝ հօրեղբայր. հայրիկին քոյրիկը՝ հօրաքոյր… Մայրիկին եղբայրը՝ մօրեղբայր. մայրիկին քոյրիկը՝ մօրաքոյր… Մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, քանի՞ թոռնիկ… Մեծ հայրիկ, մեծ մայրիկ, եօթը թոռնիկ… Վա՛յ… Մոռցանք ընտանիքին շունը կատուն, կատուն մուկը, մուկը ձուկը, կարմիր որդը, կանանչ գորտը, թրթուրիկը թիթեռնիկը, խխունջիկը խլուրդիկը, հսկայ փիղը, սարդիկը, նապաստակը, ճուտիկը, հաւուկը աքլորը, աղուէսը, գորշ […]

Ժամացոյցը

Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք… Ժամացոյցը ի՞նչ կ’ըսէ` թիք թաք, թիք թիք թաք, դպրոց երթալու ժամն է, թիք թաք, թիք թիք թաք… Քիչ մը գրել եւ կարդալ, քիչ մը գծել եւ խաղալ, երգել, պարել ու խնդալ, ուտել, խմել ու մեծնալ… Մէկ սլաք՝ թիք թաք, երկու սլաք՝ թիք թիք թաք… Ժամացոյցը ի՞նչ […]

Ծառը

Ծառը ծուռ է, ծառը ծեր է… Ծուռ է, ծեր է, ծուռ ծեր ծառ է… Ծառը ծեր է, ծառը ծուռ է… Ծեր է, ծուռ է, ծեր ծուռ ծառ է… Ծուռ ծեր ծա՞ռ… Ծե՛ր ծուռ ծառ… Ծեր ծուռ ծա՞ռ… Ծո՛ւռ ծեր ծառ…

Կարկանդակը

Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք… Մէկ, երկու,երեք, չորս… Չորս մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր… Կարկանդակ մը թխեցինք, վրան մոմեր շարեցինք… Մէկ, երկու,երեք, չորս, հինգ… Հինգ մոմերը վառեցինք, ուրախ զուարթ երգեցինք… Շնորհաւոր, շնորհաւոր, տարեդարձդ շնորհաւոր…

Կօշիկը

Իմ կօշիկս կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Իմ կօշիկս կը պարէ, քու կօշիկդ կը պարէ, իր կօշիկը կը պարէ, երկու առջեւ, մէկ ետեւ, երկու կ’երթայ, մէկ կու գայ… Քոչարի՜… Քոչարի՜…

Հովանոցը

Հովանոցիս տակ հինգ հատ կաչաղակ կ՚երգեն շարունակ… Չկա՛յ, չկա՛յ, անձրեւ չկայ, ան որ կ՚ուզէ հոս թող գայ… Հովանոցիս տակ հինգ հատ կաչաղակ, տասը հատ թութակ կ՚երգեն շարունակ… Չկա՛յ, չկա՛յ, անձրեւ չկայ, ան որ կ՚ուզէ հոս թող գայ…