մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Փետուրը

Թռչուններուն քով
իրարանցում է…
Սիրելի վարդապետին
ուսերուն թառած,
սիրելի վարդապետին
շուրջը հաւաքուած,
ամեն մէկ թռչուն
կը փորձէ
իր փետուրը
յանձնել վարդապետին…

Իմս… իմս… իմ փետուրս…
Իմս… իմս… իմ փետուրս…

Ի՛նչ աղմուկ…
Ի՛նչ իրարանցում…
Վարդապետը վերջապէս
կը լռեցնէ բոլո՜ր թռչունները…

Չի՛ք, չիք, աղմուկը չի΄ք…
Չի՛ք, չիք եւ հրա՛շք…
Հլու հնազանդ
կը լռեն բոլո՜ր թռչունները…

Քար լռութիւն…
Խաղաղութիւն…

Վարդապետը կը ժպտի,
ապա կարգով՝
ամեն մէկ թռչունէ
կը ստանայ փետուր մը…

Փետուրնե՜ր,
գոյն գոյն փետուրներ,
երեսունվեց հատ
գոյնզգոյն փետուրներ…

Փետուրները յաջորդաբար
թաթխելով թանաքին՝ մելանին,
վարդապետը կը գրէ գլխագիրե՜ր,
վարդապետը կը գծէ թռչուննե՜ր…

Թռչուններուն քով
համե՛րգ է՝
երկնայի՛ն համերգ,
մինչ սիրելի վարդապետը
մագաղաթին վրայ
կը գրէ,
կը գծէ,
գոյն գոյն
աննման
Թռչնագիրեր…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ

Հայերէնի գիրքս

Սփիւռք մատենաշար

Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն