Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Պըճինկօ

Այբ Բեն Գիմ,
ձեզի հանելուկ ունիմ…

Դա Եչ Զա,
ան որ կը գիտնայ…

Է Ըթ Թօ,
պէտք է ըսէ՝ պըճինկօ…

Ժէ Ինի Լիւն,
շատ դիւրին…

Խէ Ծա Կեն,
ո՞վ ելաւ ծակէն…

Հօ Ձա Ղատ,
ո՞վ ունի սապատ…

Ճէ Մեն Յի,
շապիկ ունի,
կոճակ չունի…

Նու Շա Ո,
մուկը ուղտը,
Պարոն օձը,
պըճինկօ…

Չա Պէ Ջէ,
մուկ չէ, թռչուն չէ…

Ռա Սէ Վեւ,
կուրծքը ճերմակ,
թեւերը սեւ,
իսկ պոչիկը մկրատաձեւ…

Տիւն Րէ Ցօ,
մուկը ուղտը,
Պարոն օձը,
ծուռ չղջիկը,
ծիծեռնակը,
պըճինկօ…
իսկ յետո՞յ…

Ւիւն Փիւր Քէ,
փրթած պոչը կը փնտռէ…
Փրթած պոչը մինչեւ գտնէ,
նորէն պոչ մը բուսեր է…

Օ ֆէ,
պոչը հոս է,
ինքը ո՞ւր է…

Մուկը ուղտը,
Պարոն օձը,
ծուռ չղջիկը,
ծիծեռնակը,
մողէզը եւ
փրթած պոչը…

Պըճինկօ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայբոտ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

Բագին

Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւն