մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Բժիշկը

Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր բժիշկ մը…

Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր
եւ
խոշոր քիթով բժիշկ մը…

Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր,
խոշոր քիթով
եւ
գանգուր մազով բժիշկ մը…

Կը ցաւի՜, կը ցաւի՜,
վա՛յ, փորիկս կը ցաւի…
Ինծի պէտք է բժիշկ մը,
ակնոցաւոր,
խոշոր քիթով,
գանգուր մազով
եւ
չամիչ տուող բժիշկ մը…

Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ…
Չամիչը ուտեմ հատիկ հատիկ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայերէնի գիրքս

Բարի եկար Նուրին

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Պէյրութի հայանուն փողոցները