մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Այբուբենը

Այբ Բեն Գիմ,
կարդալ գրել կը սորվիմ…

Դա Եչ Զա,
շա՛տ շուտ սորվեցայ…

Է Ըթ Թօ,
դուն կ’ըսես՝ ո՛չ,
ես կ’ըսեմ՝ այո՛…

Ժէ Ինի Լիւն,
շա՜տ դիւրին…

Խէ Ծա Կեն,
մտայ տակէն,
ելայ վրայէն…

Հօ Ձա Ղատ,
քառասո՛ւն խրատ…

Ճէ Մեն Յի,
ականջներուս օ՛ղ ըրի…

Նու Շա Ո,
ի՞նչ ընեմ յետոյ…

Չա Պէ Ջէ,
գիրք տետրակ գոցէ…

Ռա Սէ Վեւ,
որովհետեւ…

Տիւն Րէ Ցօ,
վերջ ի վերջոյ…

Ւիւն Փիւր Քէ,
զբօսանքի ժամն է…

Օ՜ Ֆէ՛…
վրա՛դ է… վազէ՜…
բռնէ՛… բարձր քա՛ր է…

Բարձր քարէն
բարձրաձայն,
Այբէն Օ Ֆէ,
արտասանէ՛…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Պատառիկներ

Մանկական ձայներիզներու շարք

Բոպիկ տոտիկ

Մանկական գրքոյկ

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

տեսերիզներու շարք

Փոքրիկ Նիկոլը

Պատանեկան պատմութիւններ