մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բարեւ կրիայ

Եկէ՛ք, կրիային հետեւինք եւ տեսնենք թէ եղանակէ եղանակ՝ ի՛նչ կայ չկայ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնուացուած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Յակոբ Օշականի հաւաքածոն կու գայ ճոխացնելու այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութեան բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ Օշականի գործերուն անմիջական հասանելիութեան շնորհիւ՝ այս գործերը տրամադրելի պիտի ըլլան զանազան գրական, գեղարուեստական […]

Ահա, այսպէ՛ս…

Անուշին եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝ 6 պատկերազարդ պատմութիւններով։

Հայրենի աղբիւր

Միջնակարգի «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած միջնակարգի համար։ Ըստ տեղական պահանջներու, շարքը կարելի է գործածել երկրորդականի բաժիններուն մէջ եւս, շնորհիւ գիրքին կառոյցին, որ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ կը դնէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ։ Գիրքերը բաղկացած են դասերէ, որ կը տարածուին քանի մը դասապահերու վրայ։ Աշակերտներուն վարժեցնելու համար լեզուական հմտութիւններու մէջ, […]

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի […]

Արեւ լուսին ժապաւէն

Եկէ՛ք, ձեռք ձեռքի տանք մանկապարտէզի կախարդական աշխարհը փոխադրե՛նք վեր՝ առաջին դասարան,— մտածեցին երեքը մէկ՝ արեւ, լուսին, ժապաւէն։ Միայն թէ ճամբայ չելած որոշեցին յարգել միշտ չստիկները անխտի՛ր։ Արեւը բերաւ լոյս, ուժ, կորով, ջերմութիւն եւ կեանք. լուսինը՝ խաղաղութիւն, ժամանակի կշռոյթ, յոյս. ժապաւէնը՝ գիծ եւ գոյն, ճկուն միտք, երգ, պար եւ խաղ։ Գիշեր ցերեկ, անդադար, արեւ, լուսին, ժապաւէն […]

Հայերէնի գիրքս

Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ կեանքին, բան մը, որ աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ դասը աշակերտին համար։ Շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի երրորդ դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Իւրաքանչիւր դաս կը բաղկանայ ընթերցանութեան բաժինէ մը, որուն կը հետեւի հարցումներու […]

Հիփփօ

Հիփփօ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով մանկական պատկերազարդ գիրքերու հրատարակչատունը կը գործէ Պոլսոյ մէջ։ Հրատարակչատան առաջնահերթութիւնն է հանրային խնդիրները նիւթ ունեցող գիրքերու միջոցաւ հասնիլ երեխաներուն, արծարծելով մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, ընտանիքներուն կողմէ լքուած մանուկները եւ այլ նման խնդիրներ։ Թարգմանական գիրքերու ընտրութեան ժամանակ ուշադրութիւն կը դարձուին նաեւ երեխաներուն մտահոգութիւններուն՝ սէր, ընկերութիւն, աշակերտութիւն, հասունութիւն, եւ այլն։ Միւս կողմէ, […]

Գիւտ մը նիւթ մը

«Գիւտ մը, նիւթ մը» տեսերիզներու շարքին իւրաքանչիւր տեսերիզը կը ներկայացնէ գիտական նիւթ մը՝ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած։ Ճամբայ ելլելով հայ գիւտարարի մը հնարքէն, կ՚ընդլայնէ նիւթը եւ կը ներկայացնէ հետաքրքրական գործիք մը կամ աշխատանք մը։ Պատմուած մեծ մասամբ երեխաներուն կողմէ, տեսերիզները արեւմտահայերէն են եւ արդիական միջոցներով պատկերուած, գրաւիչ դառնալու համար ժամանակակից երեխային եւ պատանիին։ Հեղինակ եւ […]

Իրագիտութիւն

Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» ընդհանուր վերնագիրը կրող դասագիրքերու այս շարքը արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտական նիւթերու հարուստ աղբիւր մըն է։ Որպէս դասագիրք պատրաստուած ու հինգ հատորէ բաղկացող այս շարքը 20րդ դարու 60ական թուականներէն ի վեր լայնօրէն գործածուած է եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանացած է։ Ընթերցողը այստեղ կը հանդիպի բնութեան կազմակերպութեան, անոր տրամաբանական կանոնաւորութեան, բոյսերու եւ կենդանիներու կազմուածքին, անկենդան տարրերու […]