Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան
Էջերու քանակ՝ 624
Հրատարակիչ՝ Արաս
Հրատարակութեան թուական`2007

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Հօրս հայրը շինել տուաւ ասիկա։ Ինք հող եղաւ։ Հայրս հող եղաւ։ Հօրեղբայրս հող եղաւ։ Այս հողով, այս քարով շինեցին։ Թող փլի։ Ինք ալ նորէն քար ըլլայ, հող ըլլայ։ Ասանկ թող մնայ, թող փլի։ Բայց պիտի չփլի։ Պիտի մնայ, մինչեւ աշխարհի վերջը պիտի մնայ։ Հազար տարի ետք ալ հոս եկողը, հիմերը պիտի տեսնէ, նայէ հոս տուն մը կայ եղեր, պիտի ըսէ, մարդիկ ապրեր են, պիտի ըսէ, պատին մէջ ծխնելոյզի ծակը պիտի տեսնէ, մեծմօրս վառած փայտին մուրը պիտի սրբէ մատներովը։ Ասիկա բուրգ չէ, մրջիւնի բոյն մըն է։

Զաւէն Պիպեռեանի վիպագրութեան գլուխ-գործոցն է Մրջիւններու վերջալոյսը, ուր ան հայելի մը կը բռնէ 1940-50-ականներու պոլսահայ իրականութեան դէմ յանդիման, երկրի քաղաքական-տնտեսական կացութեան ընդմէջէն: Վէպին առանցքը կը կազմէ Ու-նե¬ւորութեան տուրքի հետեւանքով հետզհետէ քայքայուող հայ ընտանիք մը՝ ընկճուած հիւանդ հայր մը, նիւթական անկումի պատճառով իրմէ գանգատող դժգոհ կին մը ու աղջիկ մը, որոնց կը միանայ աշխատանքային ճամբարներու մէջ երեքուկէս տարուայ ծանր զինուորական ծառայութենէ վերադարձող մանչ մը ու նոր պայմաններուն մէջ ասոր տուայտանքը։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան
Էջերու քանակ՝ 624
Հրատարակիչ՝ Արաս
Հրատարակութեան թուական`2007

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Յանուն հօր եւ որդւոյ

Վէպ

Թէ ինչպէս…

Մանկապատանեկան վիպակ

Վիպումներ

Փիլիսոփայական
Զարդիս մատենաշար

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ