մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան
Էջերու քանակ՝ 256
Հրատարակիչ՝ Արաս
Հրատարակութեան թուական`2020

Լկրտածը

Վէպ

-Կենացդ:
Խմեց, գլուխը դրաւ Ալիին ուսին, աչքերը փակեց: Հոն չէր հիմա ա՛լ: Ինք ալ չէր գիտեր թէ ուր էր: Ուղեղը կարծես կ՚ուռենար, եւ տաքութեան հետ՝ յարաճուն ժխոր մը կը լեցուէր ականջներուն մէջ:
Ալի ապուշցած էր: Օգտուիլ անգամ չէր խորհեր: Վոտքայի գաւաթը ձեռքը, անշարժ կը մնար վախնալով որ ամենաթեթեւ շարժումը հմայքը կը խզէր:
Վերջապէս գաւաթը տարաւ բերնին, կէսը պարպեց: Չհասկըցաւ թէ ինչ ըմպելի էր ադ:
Շոգեկառքի սոյլը տարածուեցաւ, հեռաւոր բայց աղեխարշ: Կիւլկիւն լսեց ու սարսռաց: Հեծկլտանքը կապեց խռչափողը: Գեղջկուհիին լաջակը՝ արցունքոտ աչքերու վրայ: Ամայի, անծայրածիր դաշտը անատոլեան տափաստանին: Մռայլ կոթողը պետութեան՝ կայարանի շէնքը, մոխրագոյն, կորսուած՝ ամայութեան մէջ: Եւ անծանօթ կինը: Եւ գեղջկուհին՝ սպիտակ գոլորշիներու ետին: Եւ սուլումը:

«Լկրտածը» Զաւէն Պիպեռեանի անդրանիկ վէպն է, 1959 թուականին լոյս տեսած եւ այսօր վերատպումի արժանացած Արաս հրատարակչատան կողմէ։ Վէպը կը պատմէ թուրք քաղքենի ընտանիքի մը մօտ որպէս որդեգիր աղջիկ եւ խորքին մէջ՝ որպէս աղախին ապրող գեղեցիկ Կիւլկիւլին դժբախտ պատմութիւնը։ Շարժանկարային ոճով գրուած (եւ սկզբնապէս շարժանկարի համար նախատեսուած) վէպ մըն է։ Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։ Կողքի գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարուած է Արէտ Կըճըռի կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Զաւէն Պիպեռեան
Էջերու քանակ՝ 256
Հրատարակիչ՝ Արաս
Հրատարակութեան թուական`2020

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Մանկական գրքոյկ

Յակոբներ

Վէպ

ՀայՍփէլ