Արեւմտահայերէնի Ուղեցոյցը օրէնքներու եւ կանոններու հսկայական շտեմարան մը կը հրամցնէ բոլոր անոնց որ արեւմտահայերէն գրելով կը զբաղին։
Հեղինակը՝ Արմենակ Եղիայեան, իր մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ՝ «Այս աշխատութիւնը յառաջ տարուած է հիմնուելով հին թէ նոր հայերէնի բոլոր արտայայտութիւններուն՝ յատկապէս արեւմտահայ վերջին 150 տարուան գրական երկերու, մամուլի, դասագիրքերու, դպրոցական հանդէսներու, այլեւ շարադրութիւններու, անհատական բնոյթի գրութիւններու, ցուցանակներու, գրաւոր ազդերու, տոմսակներու եւ այլնի վրայ»։
861 էջնոց այս հսկայական գիտելիքներու ամբարը կարելի է գործածել երկու ձեւաչափով։ Կարելի է որպէս ելեկտրոնային գիրք ամբողջութեամբ ներբեռնել, եւ կամ Նայիրի բառարաններու կայքէջին վրայ իւրաքանչիւր բաժինին առանձին հասնիլ։