Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։
Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի հայկական կեանքը։
- Ամէն մէկ հատուածի համար ունինք հետեւեալ տեղեկութիւնները՝ գլուխը բացող էջերը, հատուածը ներածող պարբերութիւնները, շրջանակեալ «Փաստաթուղթեր»ը, «Վկայութիւններ»ը եւն։ Ասոնք կը պարփակեն գրապատմական նիւթերը։
- «Գրական Մեթոտ»ի գլուխները կը բերեն գրականութեան տեսութեան նախատարրեր։
- «Կամուրջներ… Կապեր» մասը ակնարկ մը կը նետէ հայ գրականութեան կապերուն օտար գրականութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հայ գեղարուեստի այլ ճիւղերու հետ։
Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական ցուցանակներ, եւ եզրաբանական բառարան։