մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բարեւ կրիայ

Եկէ՛ք, կրիային հետեւինք եւ տեսնենք թէ եղանակէ եղանակ՝ ի՛նչ կայ չկայ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։

Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Յակոբ Օշականի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնուացուած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Յակոբ Օշականի հաւաքածոն կու գայ ճոխացնելու այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութեան բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ Օշականի գործերուն անմիջական հասանելիութեան շնորհիւ՝ այս գործերը տրամադրելի պիտի ըլլան զանազան գրական, գեղարուեստական […]

Ահա, այսպէ՛ս…

Անուշին եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝ 6 պատկերազարդ պատմութիւններով։

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի […]

Արեւ լուսին ժապաւէն

Եկէ՛ք, ձեռք ձեռքի տանք մանկապարտէզի կախարդական աշխարհը փոխադրե՛նք վեր՝ առաջին դասարան,— մտածեցին երեքը մէկ՝ արեւ, լուսին, ժապաւէն։ Միայն թէ ճամբայ չելած որոշեցին յարգել միշտ չստիկները անխտի՛ր։ Արեւը բերաւ լոյս, ուժ, կորով, ջերմութիւն եւ կեանք. լուսինը՝ խաղաղութիւն, ժամանակի կշռոյթ, յոյս. ժապաւէնը՝ գիծ եւ գոյն, ճկուն միտք, երգ, պար եւ խաղ։ Գիշեր ցերեկ, անդադար, արեւ, լուսին, ժապաւէն […]

Հայերէնի գիրքս

Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ կեանքին, բան մը, որ աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ դասը աշակերտին համար։ Շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի երրորդ դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Իւրաքանչիւր դաս կը բաղկանայ ընթերցանութեան բաժինէ մը, որուն կը հետեւի հարցումներու […]

Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք

Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքս»։ Ձմրան հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։

Մեծ տղաքը կու լան

Մեծ տղաքը կու լան զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ սեռային ինքնութեան վրայ մտորելու մղող գիրք մըն է։ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Բայց Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Լեւիկ ինչպէ՞ս պիտի արտայայտէ իր զգացումները։

Թագաւորն ու Ծովը

Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։

Բանջարեղէններու ըմբոստութիւնը

Սառնարանին մէջ բաներ մը կը պատահին։ Կարծես ոչ մէկ բան իր տեղն է, մռթմռթոց եւ աղմուկ կը լսուի։ Սառնարանին դուռը գոց է, բայց կը վառի լոյսը։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզած են։