Անտուան Բեռման (1942-1991) ֆրանսացի թարգմանիչ ու թարգմանութեան տեսաբան մըն էր։ Իր այս գիրքին (L’Epreuve de l’étranger, 1984ին լոյս տեսած) նիւթն է գերմանացի Վիպապաշտներու առաջին սերունդին (մասնաւորաբար՝ Ֆրիդրիխ Շլեգելի եւ Նովալիսի) մօտ թարգմանութեան տեսաբանութիւնը, եւ խորքին մէջ այդ սերունդէն առաջ եւ վերջ գերմանախօս աշխարհէն ներս ծաւալած թարգմանութեան հարցը։ Յաւելուածով մը հրամցուած են ուղղակի բնագիրէն թարգմանուած՝ Շլեգելի կոտորակներէն նմոյշներ, առաւել բառարան մը, եւ Մարկ Նշանեանի հեղինակած վերջաբանը՝ «Թարգմանական միմոսութիւնը» վերնագրով։