մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն, հատոր 1`
փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը

Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 490
Հրատարակիչ՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտ եւ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 1

Փիլիսոփայական

Զուտ վկան կանգնեցաւ իր փորձառութեան ճշմարտութեան մէջ։ Իր պատումին մէջ կը պատմէ այդ փորձառութիւնը։ Բայց պատումը, մեր կարդացած պատումը, վկային պատումը չէ, ո՛վ որ ալ ըլլայ վկան։ Ահաւասիկ նոր դժուարութիւն մը։ Վկայի փորձառութիւնն է, բայց վկային կողմէ չէ՛ որ պատմուած է։ Պատումը կը գրուի, կը պատմուի, վերապրողին կողմէ, այն մէկուն կողմէ որ վերապրած է վկայի մահուան։ Պատմողը վերապրողն է, այն մէկն է որ «նոյնացած» է մեռեալ վկային, ինչպէս Յակոբ Օշական կը պատմէր Չանղըրըի վերջին գիշերը նոյնանալով մեռեալ վկային հետ։

Սոյն հատորը կը պարունակէ երեք ուսումնասիրութիւններ։ Առաջինը՝ «Ինքն իր պատկերը…» Կարոլ Ֆէկէտէ անունով լուսանկարիչ արուեստագիտուհիի մը պատկերներէն մեկնելով՝ կը հանդիպի Մորիս Բլանշոյի 1955ի Գրական տարածքը գիրքին մէջ որպէս յաւելուած հրամցուած պատկերի շուրջ մտորումներուն, ու կը բացատրէ թէ 1948էն (Մահավճիռը) մինչեւ 1957 (Վերջին մարդը) Բլանշոյ վերապրողի կերպարին շուրջ աննախընթաց աշխատանք մը կատարած է։ Երկրորդը՝ «Պատմութեան զգացողութիւնը» կ՚անդրադառնայ Բլանշոյի 1949ի «Պատո՞ւմ մը» վերնագրուած (եւ 1973ին՝ Օր-ցերեկուան խելագարութիւնը վերանուանուած) վիպակին ու այդ վիպակին մէջ récit բառին յարուցած դժուարութիւններուն, եւ անշուշտ անգամ մը եւս՝ վերապրողի կերպարին եւ պատմութեան հետ անոր դիմառդիմութեան։ Երրորդ փորձագրութիւնը՝ «Անմարդկայինի փորձընկալումը» նուիրուած է Ժորժ Բատայլի գործին, իր ամբողջութեամբ նկատի առնուած։ Այս առիթով՝ նիւթ կը դառնան երկու գրողներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ այդ բարեկամութեան ձգած հետքերը իրենց գործերուն մէջ։
Հատորին վերջաւորութեան որպէս յաւելուած տրուած են Կարոլ Ֆէկէտէի լուսանկարներէն նմոյշներ եւ Ժորժ Բատայլէն ու Մորիս Բլանշոյէն թարգմանական քաղուածքներ (Բատայլի «Կոնային աչքը» եւ Ներքին փորձընկալումը գիրքէն հատուած մը, Բլանշոյի Գրական տարածքը հատորէն կտորներ)։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն, հատոր 1`
փիլիսոփայական բարեկամութիւն մը

Հեղինակ՝ Մարկ Նշանեան
Էջերու քանակ՝ 490
Հրատարակիչ՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտ եւ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Արեւմտահայերէնի քերականութիւն – Բ.

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն
Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ

Նամակներ Զաաթարէն

Վէպ

Հոյամողէզներու սրահի շրջապտոյտ