մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Մորիս Բլանշոյ՝ Վիպումներ
(Թարգմանութիւն՝ Մարկ Նշանեան)
Վերջաբան թարգմանիչին կողմէ՝ «Մորիս Բլանշոյ, մեռեալ վկան»

Հեղինակ՝ Մորիս Բլանշոյ, Մարկ Նշանեան

Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան

Էջերու քանակ՝ 280
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ

Հրատարակութեան թուական` 2013

Վիպումներ

Փիլիսոփայական

«Նոյնիսկ Աստուած մը պէտք ունի վկայի։ Աստուածային անծանօթութիւնը պէտք է դիմակազերծուի ա՛յս աշխարհէն ներս։ Երկարօրէն մտածած էի այդ մասին. ի՞նչ կրնար ըլլալ վկայի դեր կատարողը։ Կարծես հիւանդ կ՚ըլլայի, միմիայն խորհելով որ ե՛ս պէտք է ըլլայի այդ վկան, այդ էակը որ ո՛չ միայն պէտք է ինքն իրմէ վտարուէր նպատակին ի խնդիր, այլեւ պէտք է նպատակէն իսկ վտարուէր առանց խնդիրի, եւ մնար նոյնքան փակ, նոյնքան անշարժ, որքան սահմանաքար մը ճամբու եզրին»։*
(Մորիս Բլանշոյ)

«Վերջին մարդուն հետ հանդիպումը, վերջնութեան հորիզոնէն ներս արձանագրուիլը, վերջին մարդու “անվկայութեան” պաշտպանը եւ հսկողը ըլլալու ստիպողութիւնը նոր լեզու մը կը պահանջեն, ամէնօրեայ փորձառութիւն չեն, բնականաբար։ Վերջնութեան դէմ յանդիման՝ կը գտնուինք աղէտի համաստեղութեան տակ։ Ուրիշ բան չէ աղէտը, վկային մահն է մարդուն մէջ։ Վերջին մարդը նաե՛ւ վերապրող մըն է։ Վկայի մահուան դէպքէն ետք վերապրողը չի կրնար վկայել ինքն իր մէջ վկայի մահուան մասին, որպէս դէպք»։
(Մարկ Նշանեան)

Սոյն գիրքը կը հրամցնէ ֆրանսացի վիպագիր եւ քննադատ Մորիս Բլանշոյի (1907-2003) գրիչէն ելած երեք «պատումներ»ու արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ «Պատում» բառը Բլանշոյի ուզածն էր (ֆրանսերէն՝ récit), այն վայրկեանէն ի վեր երբ այլեւս որոշած էր վէպ չգրել։ Մէկտեղուած են ուրեմն «Մահավճիռը» (1948), «Պատո՞ւմ մը» (1949), որ աւելի ուշ որպէս գիրք տպուեցաւ «Օր-ցերեկուան խելագարութիւնը» վերնագրով, ու «Վերջին մարդը» (1957)։ Երեքն ալ կը ներկայացնեն «վերապրող»ի կերպար մը ու կը մտորեն «վերապրող»ի էութեան շուրջ։ Մարկ Նշանեանի վերջաբանը հանգամանալից վերլուծումի մը կ՚ենթարկէ այդ երեւոյթը։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Մորիս Բլանշոյ՝ Վիպումներ
(Թարգմանութիւն՝ Մարկ Նշանեան)
Վերջաբան թարգմանիչին կողմէ՝ «Մորիս Բլանշոյ, մեռեալ վկան»

Հեղինակ՝ Մորիս Բլանշոյ, Մարկ Նշանեան

Թարգմանիչ՝ Մարկ Նշանեան

Էջերու քանակ՝ 280
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ

Հրատարակութեան թուական` 2013

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Սիրանուշ

Մանկապատանեկան վիպակ

Ծափ ծափիկ

Մանկավարժական երաժշտութեան ծրագիր

Փոքրիկ

Հէքիաթներու աշխարհ

Օրիորդ Շուշանիկ

Մանկապատանեկան վիպակ