Փոթորիկ

Այս գիրքը պատմութիւնն է Փոթորիկ անունով շնիկին։ Այստեղ, պատկերներն են որ կը խօսին, ո՛չ բառերը։ Փոթորիկ նախ եւ առաջ բարեկամութեան մը պատմութիւնն է։ Անխօս գիրքերու յատկութիւնը այն է, որ զանազան միջավայրերու եւ հանդիպումներու ընթացքին կարելի է գործածել զանոնք մասնակիցներուն հետ միասին պատմութիւններ հիւսելու եւ զրոյցներ զարգացնելու համար։
Բառաշխարհ

«Բառաշխարհ» աշխարհ մըն է ուր տեղ գտած են մեզ շրջապատող եւ առօրեային վերաբերող էակներ, առարկաներ եւ գաղափարներ՝ տուն, խոհանոց, պարտէզ, փողոց, բնութիւն, անասուններ, առողջապահութիւն, սնունդ, հագուստեղէն եւ դեռ ինչե՜ր… «Բառաշխարհ» գիրք մըն է, զոր կարելի է գործածել որպէս ուսուցման օժանդակ աշխատանքի գիրք, որպէս բառապաշարի աղբիւր եւ կամ պարզապէս հաճոյքով թերթատել։
Անտառին գաղտնիքը

Եղնիկը, որ անտառին ամենէն համով կարկանդակները կը պատրաստէ, ամէն օր՝ միայն իրեն ծանօթ գաղտնի տեղէ մը պտուղներ կը քաղէ։ Իր քաղած պտուղներով ու Գաղտնի Համերու Գիրքին օգնութեամբ հրաշքներ կը գործէ խոհանոցին մէջ։ Սակայն օր մը Գաղտնի Համերու Գիրքը կը կորսուի։ Արդեօք յետոյ ի՞նչ պիտի պատահի։
Հիփփօ

Հիփփօ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով մանկական պատկերազարդ գիրքերու հրատարակչատունը կը գործէ Պոլսոյ մէջ։ Հրատարակչատան առաջնահերթութիւնն է հանրային խնդիրները նիւթ ունեցող գիրքերու միջոցաւ հասնիլ երեխաներուն, արծարծելով մանկական գործաւորութիւնը, աղքատութիւնը, գաղթականութիւնը, ընտանիքներուն կողմէ լքուած մանուկները եւ այլ նման խնդիրներ։ Թարգմանական գիրքերու ընտրութեան ժամանակ ուշադրութիւն կը դարձուին նաեւ երեխաներուն մտահոգութիւններուն՝ սէր, ընկերութիւն, աշակերտութիւն, հասունութիւն, եւ այլն։ Միւս կողմէ, […]
Գիտութեան դասեր – Ե
Գիտութեան դասեր – Դ
Իրագիտութիւն – Գ
Իրագիտութիւն – Բ
Իրագիտութիւն – Ա
Իրագիտութիւն

Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» ընդհանուր վերնագիրը կրող դասագիրքերու այս շարքը արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտական նիւթերու հարուստ աղբիւր մըն է։ Որպէս դասագիրք պատրաստուած ու հինգ հատորէ բաղկացող այս շարքը 20րդ դարու 60ական թուականներէն ի վեր լայնօրէն գործածուած է եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանացած է։ Ընթերցողը այստեղ կը հանդիպի բնութեան կազմակերպութեան, անոր տրամաբանական կանոնաւորութեան, բոյսերու եւ կենդանիներու կազմուածքին, անկենդան տարրերու […]