զատած էք՝

Կամուրջներ շինենք Գ.
Բնապահպանական պատկերազարդ գրքոյկ
«Ջուրիկ, պատմէ՛։ Ուրկէ՞ եկար։ Ուրկէ՞ այսքան ջուր։
Կը պատմեմ։ Միլիոնաւոր տարիներ առաջ, երբ Երկիրը կազմուեցաւ, ջուր չկար։ Օր մը, աստղակերպ մը կը ջախջախուի։ Այդ աստղակերպին վրայ ջուր կար։ Միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին, մեծ թիւով աստղակերպեր ջուր կը բերեն երկրին։»
«Կամուրջներ շինենք» շարքին երրորդ պատկերազարդ այս գրքոյկը ընթերցողին կը ծանօթացնէ զանազան բնապահպանական նիւթեր։ Գրքոյկը կը պարունակէ նաեւ լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։
Այս թիւին արծարծուած նիւթն է ջուրը՝ «ի՞նչ է ջուրը մեր կեանքին մէջ», «ինչպէ՞ս կրնանք ջուրի ոտնահետքը թեթեւցնել» եւ «ջուրը կեանք է. մաքուր պահենք զայն»։ Գրքոյկին գունազարդ էջերուն վրայ ընդգրկուած են բառացանկեր եւ զանազան գիտական փաստեր։
Արմէնիա Թրի Փրաճէքթ-ի պատրաստած «Կամուրջներ շինենք» շարքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։