մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Չորս կարապ

Կարապը, լիճը,
կարապի լիճը…

Մէկ կարապ,
երկու կարապ,
երեք կարապ,
չորս կարապ,
լիճի ափին՝ լճափին
թեւերով ըրին
խաչկապ…

Չորս կարապ,
խաչկապ…
Չորս կարապ,
խաչկապ…

Կարապը, լիճը,
կարապի լիճը…

Մէկ կարապ,
երկու կարապ,
երեք կարապ,
չորս կարապ,
լիճի ափին՝ լճափին
թեւերով ըրին
խաչկապ,
միասին պարեցին
հոյակապ…

Չորս կարապ,
հոյակապ…
Չորս կարապ,
հոյակապ…

Կարապը, լիճը,
կարապի լիճը,
կարապներուն հոյակապ,
խաչկապ պարը…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Կիրակոսը

Մանկապատանեկան վիպակ

Զարդիս ստեղծարար գրագիտութիւն

3335

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ

Նկարչութեան դասական դպրոցները եւ արդի ձգտումները

արուեստի պատմութիւն