մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արաս

Հրատարակչատուն

«Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնուած է 1993-ին Պոլսոյ մէջ եւ այդ օրէն ի վեր ճանչցուած է որպէս «Պատուհան՝ դէպի հայալեզու գրականութիւն»:

Երեք տասնամեակներու վրայ երկարող իր գործունէութեամբ, «Արաս» հրատարակչութիւնը հանդիսացած է կամուրջ մը տարածաշրջանի տարբեր մշակոյթներուն միջեւ։ Զանազան լեզուներով գիրքեր ունեցող «Արաս» հրատարակչատունէն 200-էն աւելի գիրքեր լոյս տեսած են, որոնցմէ 70-էն աւելին հայալեզու են։

Աշխարհի ամենէն կարեւոր արեւմտահայերէն գիրք հրատարակող կառոյցներէն մէկը ըլլալով, «Արաս» հրատարակչատունը հայ մշակութային արժէքները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու առաքելութեամբ կ՚աշխատի։ Առաւել եւս՝ նոր հետազօտութիւններ եւ գրական գործերու արտադրութիւնը խրախուսող հաստատութիւն մըն է։

«Արաս»-ի հայերէն գիրքերու գրացանկը շատ տարբեր մարզերու պատկանող վերնագրեր կ՚ընդգրկէ. բանաստեղծութիւն, բառգիրք, շարանկար, երգիծական գրականութիւն, խոհագիրք, մենագրութիւն, յուշագրութիւն, յուշամատեան, ուղեգրութիւն, պատմուածք, լուսանկար, վէպ, վկայագրութիւն, քրոնիկ, օրագրութիւն։

«Արաս» ունի նաեւ մանկական գրացանկ մը, որուն հեղինակներու շարքին են՝ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան, Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, Փայլինէ Թովմասեան, եւ ուրիշներ։ Որպէս նոր նախաձեռնութիւն, «Արաս»-ի կողմէ հիմնուած է Հիփփօ Գիրք մանկական գիրքերու մատենաշարը։

աւելին

Սանդուխ՝

Հիփփօ

Այլ նիւթեր՝

Յառաջ օրաթերթ

Մամուլի թուային արխիւ

Արաս

Հրատարակչատուն

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ