«Ուս Հարթակ»-ը Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայերէնով դասաւանդող Սփիւռքի ուսուցիչներու վերամշակման ձեռնարկ մըն է։ Նպատակն է՝ ժամանակակից մօտեցումով հայ դպրոցներէն ներս ուսուցիչներուն աշխատանքը դարձնել աւելի արդիւնաւէտ եւ ներկայացուած նիւթերը՝ աւելի իմաստալից ու հայ մանուկին հաճելի։
Ուս Հարթակը իր գործունէութիւնը սկսած է 2020-2021 տարեշրջանին, նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մարի Կիւլիւմեանի, տնօրէն՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Ուսումնական Խորհուրդին (ANEC)։ Յաջորդող 2021-22 եւ 2022-23 տարեշրջաններուն՝ ձեռնարկը նոյնպէս տեղի ունեցած է ANEC-ի գործակցութեամբ։
2023-24 տարեշրջանէն սկսեալ Ուս Հարթակը տեղի կ՚ունենայ համագործակցութեամբ Թամար Թիւֆէնքճեանի, տնօրէն՝ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին։
Նախապատրաստական տարիէն ետք, ամէն մէկ տարեշրջան կեդրոնացած է որոշ նիւթի մը շուրջ.
2020-21 – Փորձառական տարեշրջան
2021-22 – Լեզուն սորվի՞լ, թէ ապրի՛լ
2022-23 – Լեզուն ապրիլ եւ ստեղծել
2023-24 – Ստեղծել աշխարհներ
2024-25 – Երկլեզուութիւնը իր «ընթացքներ»ով
Ուս Հարթակի աշխատանքները կ՚ընթանան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին անմիջական մասնակցութեամբ։ Ծրագրին համակարգողն ու մնայուն ուղեկից դասախօսն է Անի Կարմիրեան, աւագ պատասխանատու Արեւմտահայերէնի եւ մանկավարժական ծրագիրներու։ Անցնող տարիներուն Ուս Հարթակը ունեցած է 30-ի մօտ ուղեկից-դասախօսներ, որոնք իրենց մասնագիտութիւններու ծիրէն ներս նիւթեր ներկայացուցած են մասնակիցներուն։ Աւելի քան 120 հանդիպումներ տեղի ունեցած են, ինչպէս նաեւ դիտումներ եւ մասնակի աշխատանոցներ։
Այս տարուան դրութեամբ՝ Ուս Հարթակի արձանագրուողները, որոնց թիւը 500-ի կը հասնի, կու գան 15-է աւելի երկիրներէ։
Ուս Հարթակին կարելի է մասնակցիլ նախ արձանագրուելով կայքէջին, ապա գրելով վարչութեան ելեկտրոնային հասցէին՝ contact@ooshartag.com։