մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Դասարանը

Պատ եւ պատ՝
քանի՞ պատ,
պատ եւ պատ՝
չո՛րս պատ.
դուռ պատուհան,
աթոռ սեղան,
ուսուցիչը կը մտնէ
դասարան…

Չորս պատերը
կը ծլի՜ն, կը ծաղկի՜ն,
պարտէզնե՜ր, անտառնե՜ր,
հսկայ ծառեր՝ թռչուննե՜ր,
լեռներ ձորեր՝ կենդանինե՜ր,
գետեր ծովեր՝ ալիքնե՜ր,
կայծակնե՜ր, որոտումնե՜ր…

Կը սարսափիմ,
կը շուարիմ…
Դուռը բանամ
ու փախչի՞մ,
թէ խելօ՜ք խելօք
տե՛ղս նստիմ…

Խելօ՜ք խելօք
տե՛ղս նստիմ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – 1

Փիլիսոփայական

Հայբոտ

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ
Զարդիս մատենաշար

Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը

Վէպ