մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

11 Մարտ 1931-ին Լեհաստանի Զապրզէ գիւղին մէջ Հորսթ Էքէրթ անունով երեխայ մը աշխարհ եկաւ։ Ապագային ամբողջ աշխարհը զինք պիտի ճանչնար իբրեւ հռչակաւոր գրող եւ նկարիչ մը՝ Եանոշ։ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք ընտանեօք արեւմտեան Գերմանիա գաղթեցին։ Եանոշը ճամբուն վրան ծանր հիւանդութիւն մը անցուց։

Եանոշ
(Լուսանկար՝ Art28 GmbH & Co)

Պզտիկ տարիքէն աշխատելու սկսաւ։ Նախ երկաթագործութեան եւ դարբնութեան արուեստանոցի մը մէջ, յետոյ ալ դերձանի գործարանի մը մէջ աշխատեցաւ։ Քրէֆէլտի մէջ Կէրհարտ Քատովին նախշեր գծելու դասերուն մասնակցեցաւ։ Քատովը, նկարիչ Փօլ Քլէին աշակերտն էր։ 1953-ին Միւնիհ փոխադրուեցաւ եւ Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ ուսում առնելու սկսաւ, բայց «տաղանդի պակասութեան» պատճառով չկրցաւ իր ուսումը շարունակել։

Ընկերոջ մը առաջարկով, իր գծագրութիւնները մանկական գիրքի մը վերածեց եւ «Եանոշ» գրչանունը առաւ։ 1960-ին իր առաջին մանկական գիրքը՝ «Ձի Վալէքին պատմութիւնը» հրատարակուեցաւ։

1978-ին հրատարակուեցաւ «Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման» գիրքը։ Այս պատմութիւնը Գերմանիոյ ամենէն սիրուած պատմութիւններէն մէկը եղաւ եւ բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուեցաւ։

Մինչեւ այսօր Եանոշը 150-էն աւելի գիրքեր հրատարակեց, որոնք 30-է աւելի լեզուներու թարգմանուեցան։ Այս գիրքերուն շնորհիւ բազմաթիւ մրցանակներ շահեցաւ։ 1978-ին, իր «Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման» գիրքով Գերմանիոյ Երիտասարդական Գրականութեան Մրցանակը ստացաւ։

1980 թուականին Եանոշը տեղափոխուեցաւ Սպանիոյ Թէնէրիֆէ կղզին եւ այսօր, դեռ հոն կ՚ապրի։ 2021-ին, կնոջը հետ հիմնեց «Քանարինա» Բնութեան եւ Շրջապատի Պաշտպանութեան Հիմնարկութիւնը, որուն գլխաւոր նպատակն է Քանարի Կղզիներու բնութիւնը պահպանել։

Այսօր, 94 տարեկանին, Եանոշը տակաւին կը շարունակէ նկարել ու հանգիստ կեանք մը անցընել։ Անոր պատմութիւնները դեռ կը ներշնչեն աշխարհին չորս կողմը գտնուող ընթերցողները։

աւելին

Հարցազրոյց Եանոշին հետ

Եանոշին աշխարհը

Եանոշին գիրքերուն ցուցահանդէսը

Ցուցահանդէսի տպաւորութիւններս

Նամակ մը՝ հեղինակին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

տեսերիզներու շարք

Պէյրութի հայանուն փողոցները

Բարեւ կրիայ

Մանկական գրքոյկ
Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ