մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 8-18
Բնագիր՝ Oh, wie schon ist Panama (գերմաներէն)
Թարգմանիչ՝ Անի Կարմիրեան
Էջերու քանակ՝ 48
Հրատարակիչ՝ Նոր Յառաջ
Հրատարակութեան թուական` 2023

Օ՜, ինչ աղուոր է եղեր Փանաման

Մանկապատանեկան վիպակ

Փանամայի մէջ ամէն բան աւելի աղուոր է, գիտե՞ս», ըսաւ Արջուկը. «քանի որ Փանաման ծայրէ ի ծայր պանան կը հոտի։ Փանաման մեր երազներուն երկիրն է Վագրիկ։ Պէտք է վաղն իսկ Փանամա երթանք։ Ի՞նչ կ՚ըսես, Վագրի՛կ»։
«Վա՛ղն իսկ», ըսաւ Վագրիկը. «չէ՞ որ բանէ մը վախնալու պէտք չունինք Արջուկ։ Բայց Վագրաբադիկս ալ մեզի հետ պէտք է գայ»։
Յաջորդ առտու սովորականէն շատ աւելի կանուխ ոտքի էին։
«Երբ մարդ ճամբան չի գիտեր», ըսաւ Արջուկը. «նախ եւ առաջ ցուցատախտակ մը պէտք է ունենայ»։
Եւ սնտուկին փայով ցուցատախտակ մը շինեց։

Երբ մարդ ընկեր մը ունի, ո՛չ մէկ բանէ վախնալու պէտք ունի»։ Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, քանի որ միասին խենթանալիք ուժեղ են, արջուկի մը եւ վագրիկի մը պէս ուժեղ։ Գետակի եզերքին իրենց տունին մէջ շատ հանգիստ են։ Բայց եւ այնպէս, օր մը ճամբայ կ՚իյնան իրենց երազներուն երկիրը՝ Փանաման փնտռելու։ Ճամբան՝ գեղեցիկ անակնկալներու կը հանդիպին. բայց ո՞ւր է Փանաման։ Աղուէսը, Կովը, Մկնիկը… բան մը չեն գիտեր. միայն Առգռաւը օգնել կրնայ։ Վերջաւորութեան կը գտնեն իրեն փնռածը։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 8-18
Բնագիր՝ Oh, wie schon ist Panama (գերմաներէն)
Թարգմանիչ՝ Անի Կարմիրեան
Էջերու քանակ՝ 48
Հրատարակիչ՝ Նոր Յառաջ
Հրատարակութեան թուական` 2023

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայերէնի գիրքս

Սկսիլ

Փորձագրութիւն

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ

Տեսութիւն Ս. Փարաճանովի

Փորձագրութիւն