մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 7-18
Բնագիր՝ Les Derniers Géants (ֆրանսերէն)
Նկարազարդող՝ Մատալենա Մաթոզօ
Թարգմանիչ՝ Շաղիկ Մկրտիչեան
Էջերու քանակ՝ 78
Հրատարակիչ՝ Ապրիլ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Վերջին հսկաները

Մանկապատանեկան վիպակ

Ինը հոգի էին, հինգ Հսկայ տղամարդ եւ չորս Հսկայ կին: Ոտքէն գլուխ, մինչեւ լեզուն ու ակռաները ներառեալ, խելացնոր խառնափնդորութեամբ գունազարդուած էին գծուածքներով, ոլորուն նաշխերով, իրարու հիւսուած զարդերով, պարոյրներով, ծայրագոյն բարդութեամբ կիտանկարներով: Երկար դիտելէ ետք կարելի էր ընդնշմարել այս քմայքոտ բաւիղէն յառնող ճանաչելի նկարներ. ծառեր, բոյսեր, կենդանիներ, ծաղիկներ, գետեր, ովկիանոսներ. իսկական հողի երգ մը, որուն գծուած խազագրութիւնը կը համապատասխանէր իրենց գիշերային, երկնային ոգեկոչումներուն։։

19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Սակայն ի՞նչ արդիւնք պիտի ունենայ հսկաներու երկրի գաղտնիքին բացայայտումը։

Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Տարիք՝ 7-18
Բնագիր՝ Les Derniers Géants (ֆրանսերէն)
Նկարազարդող՝ Մատալենա Մաթոզօ
Թարգմանիչ՝ Շաղիկ Մկրտիչեան
Էջերու քանակ՝ 78
Հրատարակիչ՝ Ապրիլ
Հրատարակութեան թուական` 2020

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ
Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ

Նաթիւր մորթ եւ շարժում

Տեսերիզ

Բառաստան