մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Բնագիր՝ The Hitchhiker’s Guide to the Galaxy
Նկարազարդող՝ Քրիս Ռիտէլ
Թարգմանիչ՝ Րաֆֆի Աճէմեան
Հրատարակիչ՝ Ապրիլ, Զարդիս մատենաշար
Էջերու քանակ՝ 352
Հրատարակութեան թուական` 2022

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Վէպ

Երկիր մոլորակին վրայ, մարդ արարածը միշտ ենթադրած էր թէ ինք աւելի խելացի էր քան դելփինները, որովհետեւ այնքան աւելի մեծ ձեռքբերումներ իրագործած էր – անիւը, Նոր Եորքը, պատերազմներ, եւայլն – մինչդեռ միակ բանը որ դելփինները գիտէին ընել՝ ջուրին մէջ տապլտկելով զուարճանալ էր։ Բայց հակադարձաբար, դելփինները միշտ հաւատացած էին թէ իրենք շատ աւելի խելացի են քան մարդը – ճիփ-ճիշդ նոյն պատճառներով։։

Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն անձեռոց մը ու գիրք մը, որուն վրայ ծաւալուն ու համակրելի գիրերով դրոշմուած է՝ ԱՌԱՆՑ ԽՈՒՃԱՊԻ։

Գիրքը Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցն է եւ շաբաթավերջը դեռ նոր կը սկսի։

Գիրքէն լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Բնագիր՝ The Hitchhiker’s Guide to the Galaxy
Նկարազարդող՝ Քրիս Ռիտէլ
Թարգմանիչ՝ Րաֆֆի Աճէմեան
Հրատարակիչ՝ Ապրիլ, Զարդիս մատենաշար
Էջերու քանակ՝ 352
Հրատարակութեան թուական` 2022

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Այլ նիւթեր՝

Նարնիայի Քրոնիկները

Պատանեկան վիպաշարք

Մրջիւններու վերջալոյսը

Վէպ

Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Սփիւռք մատենաշար