մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Երեք հատ ցաւ

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ՝
վա՜յ, վա՜յ, կոտրեցաւ…

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ,
ոսպապուրն ալ թափեցաւ՝
վա՜յ, վա՜յ, թափեցաւ…

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ,
ոսպապուրը թափեցաւ,
մայրիկն ալ բարկացաւ՝
վա՜յ, վա՜յ, բարկացաւ…

Կոտրեցաւ, թափեցաւ, բարկացաւ,
հիմա ունիմ
երեք հատ ցաւ՝
ա՜յ, ա՜յ, ա՜յ…

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ՝
վո՜ւյ, վո՜ւյ, կոտրեցաւ…

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ,
թանապուրն ալ թափեցաւ՝
վո՜ւյ, վո՜ւյ, թափեցաւ…

Ամանը ինկաւ կոտրեցաւ,
թանապուրը թափեցաւ,
մայրիկն ալ բարկացաւ՝
վո՜ւյ, վո՜ւյ, բարկացաւ…

Կոտրեցաւ, թափեցաւ, բարկացաւ,
հիմա ունիմ
երեք հատ ցաւ՝
ո՜ւյ, ո՜ւյ, ո՜ւյ …

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Հայաւանդ

Առցանց դասերու հարթակ

Պարոն Սեդրակ

Մանկապատանեկան վիպակ
Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ

Բարի եկար Նուրին