մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Նայիրի

Բառարաններու կայքէջ

«Նայիրի» հայերէնի ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է։ Կայքէջը ունի հայերէնի, ինչպէս նաեւ երկլեզու թուային բառարաններ։ Բառ մը փնտռելու համար կարելի է գործածել գլխաւոր էջին վրայ գտնուող տուփիկը։ Նոյն տուփիկը կարելի է գործածել նաեւ ուղղագրութիւն սրբագրելու եւ նմանաձայն բառեր գտնելու համար։

ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (1-2)
Գրելու համար կարելի է ձեր նախասիրած հայերէն ստեղնաշարը ընտրել սեղմելով փոքրիկ ստեղնաշարի նկարը։

Պրպտումներու տուփիկին անմիջապէս վրան տրուած են հինգ լեզուային ընտրութիւններ՝ հայերէն, հայերէն-անգլերէն, անգլերէն-հայերէն, հայերէն-ֆրանսերէն եւ ֆրանսերէն-հայերէն։ Բացի այս թուային բառարաններէն, կան նաեւ մեծ քանակութեամբ պատկերուած բառարաններ՝ զանազան հայերէններով՝ գրաբարով, միջին հայերէնով, արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով, ինչպէս նաեւ այլ լեզուներով՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, պարսկերէն, սպաներէն, իտալերէն, թրքերէն, հայատառ թրքերէն, յունարէն, լատիներէն եւ արաբերէն։

ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (3)՝
Հիմնական բառարաններէն անկախ, կայքէջին աջ կողմի սիւնակը պատկերուած բառարաններու ցանկ մը կը հրամցնէ յաւելեալ պրպտումներու համար։ Բառարանները կարելի է առանձին թերթել կամ դիւրութեամբ բառարանէ բառարան եւ նոյնիսկ լեզուէ լեզու անցնիլ։ Իսկ երկու ուղղագրութիւններու միջեւ երթուդարձի պարագային, «Նայիրի» անմիջապէս կը զգուշացնէ թէ փոփուխութիւն եղած է։

«Նայիրի» կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ HySpell հայերէն ուղղագրիչները, ինչպէս նաեւ հանրադասիչ (Unicode) տառատեսակներու հաւաքածոյ մը, որ կարեւոր պաշար մըն է մանաւանդ ձեւաւորումի եւ հրատարակչական ասպարէզներու մէջ գործողներու համար։

«Նայիրի» իր գործիքներով եւ դիւրութիւններով կարեւոր կայքէջ մըն է արեւմտահայերէնի համար, նկատի ունենալով, որ Google Translate-ի նման զանազան գործիքներ արեւելահայերէնով կամ հայաստանեան ուղղագրութեամբ կը բանին։ «Նայիրի» կայքէջին հեղինակն է՝ Սէրուժ Ուրիշեան։ Բառարաններուն թուայնացումին մէկ մասը հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Սանդուխ՝

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ բարբառներ

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ անուններ

Նայիրի կայքէջէն նշումներ՝ ձայներ

Այլ նիւթեր՝

Մերինները

Պատում
Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Խաղ ու մաղ

Խաղերու շարք

Բառիկ