Արեւ լուսին աստղ
Բակի խմբային խաղ բոլորին համար Բակի խմբային խաղ բոլորին համար…։ Մեծէն պզտիկ կամ պզտիկէն մեծ…։ Արեւ լուսին աստղ…։ Խումբը կը յառաջանայ երբ լսէ՝ Արեւ լուսին…։ Իսկ երբ լսէ՝ աստղ, պէտք է տեղնուտեղը անշարժանայ, արձան դառնայ…։ Այն երեխան, որ կը շարժի, խաղէն դուրս կու գայ…։ Երբ անշարժանան՝ պէտք է տարբեր ու տարօրինակ կեցուածքներ ունենան…։ Խաղին նպատակն […]
Օձախաղ
Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն վեց տարեկաններու համար…։ Խաղալ դպրոցական վերամուտին, կարենալու համար շուտով շարուիլ ետեւ ետեւի, երբ զանգը հնչէ…։ Խաղիկը կը սկսի կրկնելով հանելուկը…։ Այն ո՞վ է… Պարանի պէս երկար է…։ Երեխաները միշտ պէտք է արձագանգեն կրկնելով հանելուկը տող առ տող…։ Շապիկ ունի կարուած չէ, հաւկիթ կ՚ածէ հաւ չէ, ամբողջ աշխարհը կը վախցնէ՛։ Երեխաները երբ […]
ունի չունի
կլորիկ մլորիկ գլո՛ւխ ունի… գլո՛ւխ ունի, աչո՛ւկ չունի… աչո՛ւկ ունի, քի՛թ չունի… քի՛թ ունի, բերա՛ն չունի… բերա՛ն ունի, ակա՛նջ չունի… ակա՛նջ ունի, մա՛զ չունի… յօնք եւ թարթիչ, կա՛րճ կա՛րճ մազեր… յօնք եւ թարթիչ, երկա՜ր մազեր, ժապաւէններ… կարմի՛ր ժապաւէն, դեղի՛ն ժապաւէն, կանա՛նչ ժապաւէն, կապո՛յտ ժապաւէն…
Ո՞վ
Ո՞վ կը վախնայ մուս մութէն… Ես չե՛մ վախնար մուս մութէն… Ո՞վ կը վախնայ որոտումէն… Ես չե՛մ վախնար որոտումէն… Ո՞վ կը վախնայ ուրուականէն… Ես չե՛մ վախնար ուրուականէն… Ո՞վ կը վախնայ կմախքէն… Ես չե՛մ վախնար կմախքէն… Ո՞վ կը վախնայ գանկէն… Ես չե՛մ վախնար գանկէն… Ո՞վ կը վախնայ ծովահէնէն… Ես չե՛մ վախնար ծովահէնէն… Ո՞վ կը վախնայ հրէշէն… Ես […]
Ուղտը – Հանելուկ
Հանելուկներուն պոչը երկար է…։ Կարելի է ստեղծել ու խաղալ բոլոր կենդանիներուն համար…։ Կրկնել՝ Գոց սնտուկ, բաց սնտուկ, մէջէն ելաւ հանելուկ…։ Այն ո՞վ է…։ Ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ, կը քալէ կուզիկ մուզիկ…։ Ձայնողը յաջորդաբար կու տայ մարմնին տարբեր մասերուն անունները՝ վիզը ծուռ է ուսը, թեւը, ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։ Իսկ խաղացողները պէտք է շուտով ծռեն մարմնին […]
Ուժ եւ աշխատանք
Որմադիրը եւ շինութեան նիւթեր
Ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք
Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքս»։ Ձմրան հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։