մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ուղտը – Հանելուկ

Մանկական խաղ

Հանելուկներուն պոչը երկար է…։
Կարելի է ստեղծել ու խաղալ
բոլոր կենդանիներուն համար…։
Կրկնել՝

Գոց սնտուկ,
բաց սնտուկ,
մէջէն ելաւ հանելուկ…։

Այն ո՞վ է…։
Ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ,
կը քալէ կուզիկ մուզիկ…։

Ձայնողը
յաջորդաբար կու տայ
մարմնին տարբեր մասերուն անունները՝

վիզը ծուռ է
ուսը, թեւը,
ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։

Իսկ խաղացողները
պէտք է շուտով ծռեն
մարմնին այն մասը՝
վիզը, ուսը, թեւը,
ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։

Ծուռիկ մուռիկ կը քալէ

Երբ արդէն ծիծաղելի վիճակ մը ստացած են,
բոլորը ծուռիկ մուռիկ կը քալեն…։
Ձայնողը կը հարցնէ՝

Ուղտիկ, ուղտիկ,
վիզդ ինչո՞ւ ծուռ է…։

Բոլորը խնդալով կը պատասխանեն՝
Ինչու ո՞ր տեղս շիտակ է…։

Ու կը շարունակեն ծուռիկ մուռիկ քալել…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Լկրտածը

Վէպ

Կամուրջներ շինենք

Պարոն Սեդրակ

Մանկապատանեկան վիպակ

Հայբոտ