մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Քանի մը օրէն

Լուսին, լուլուսին,
մահիկ լուսին,
քանի մը օրէն
կիսալուսին…

Լուսին, լուլուսին,
կիսալուսին,
քանի մը օրէն
լիալուսին…

Լուսին, լուլուսին,
լիալուսին՝ հապչի՜,
քանի մը օրէն
կիսալուսին…

Լուսին, լուլուսին,
կիսալուսին՝ հապչի՜,
քանի մը օրէն
մահիկ լուսին…

Լուսին, լուլուսին,
մահիկ լուսին՝ հապչի՜,
քանի մը օրէն
չկայ լուսին…

Լուսին, լուլուսին,
չկայ լուսին՝ չի՛ք,
քանի մը օրէն՝ ծի՛կ,
նորալուսին…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Րուրի

Հայկական համացանցային համալսարան

Առցանց դասերու հարթակ
Սփիւռք մատենաշար

Կը հրաժարիմ հայութենէ

Վէպ
Սփիւռք մատենաշար

Վարձու սենեակ

Պատմուածքներ