մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 596
Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Կրկնագիր մարդը

Վէպ

Նման աշխատանք է իմս։ Ան կը վերաբերի շատ աւելի հին կորուստի մը, որմէ մնացած են բարեբախտաբար բաւականաչափ փաստեր, արխիւային գրուած նիւթեր ըկկան ատոնք թէ քարակոփ յուշարձաններ։ Այս կորուստը հետեւանքն է իր նախադէպը չունեցած նուաճողական քաղաքականութեան մը, որ ԺԵ-ԺԶ. դարերուն՝ Եւրոպան նետեք դէպի այն ատն անուն չունեցող արեւմտեան ցամաքամաը։ Շնորհիւ իր մետաղին ու վառօդին, իրականացուց գրաւումը։ Անլուծելի, անվերլուծլի չքրիք Դէպքին ուսումնասիրութիւնը սկսած է վաղուց։ Ամբարուած է հսկայական նիւթ։ Եւ սակայն ոչ ոք յաջողած է բանալ պատկերանշաններու գաղտնիքը։ Այս է եղած հիմնական թեման իմ աշխատասիրութեանս, տարիրնեէ ի վեր։
(էջ 9)

Գիրգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» վիպաշարքին 8րդ միաւորն է այս մէկը։ Հին Ազթեքներու մասնագէտ, տարիներէ ի վեր անոնց նշանագրերը եւ պատկերագրութիւնը վերծանելու գործին լծուած ազգագրագէտ գիտուն մը (որ սակայն նոյն այդ Ազթեքներուն եւ անոնց անհետացած լեզուին ժառանգորդը կը նկատէ ինքզինք) կ՚ուզէ իր ինքնակենսագրութիւնը գրել կամ գրել տալ։ Այդ ընելու համար՝ կը դիմէ պատմասանին, որ լրագրական մարզին հետեւող ուսանող մըն է։ Վերջինս պիտի գրէ ազգագրագէտին կենսագրութիւնը, անշուշտ ո՛չ թէ երրորդ դէմքով եւ վաղակատարով, այլ՝ առաջին դէմքով եւ անցեալ կատարեալով, ինչ որ կը նշանակէ թէ կենսագրութիւնը պիտի ըլլայ իրապէս ինքնակենսագրութիւն։ Առիթ մըն է նաեւ մտորելու Երանելի Կորիւնին վերագրուած ու Վարք Մաշտոցի վերնագրով ծանօթ կենսագրութեան մասին։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Էջերու քանակ՝ 596
Հրատարակիչ՝ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան հրատարակչատուն», Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆօ
Հրատարակութեան թուական` 2015

Սանդուխ՝

Հեղինակ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Նշանս

Մանկապատանեկան վիպակ
Զարդիս մատենաշար

Ռազմաձի

Վէպ

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Կարմիր կօշիկ

Մանկական գրքոյկ