մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Ցուրտ ձմեռը

Ցօ է, Ձա է,
ցո՜ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…

Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛…

Ցօ է, Ձա է,
ցո՜ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…

Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ,
վզկապ չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛, հապչի՛…

Ցօ է, Ձա է,
ցո՜ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…

Կը մսիմ, կը մսիմ,
գլխարկ չունիմ,
վզկապ չունիմ,
թաթպան չունիմ կը մսիմ՝
հապչի՛, հապչի՛, հապչի՛…

Ցօ է, Ձա է,
ցո՜ւրտ ձմեռ է…
Ձա է, Ցօ է,
ձմեռը ցո՛ւրտ է…
Հա… Հաա… Հաաա… Հապչի՛…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու

Արեւմտահայերէնի ուղեցոյց

Լեզուաբանական ուսումնասիրութիւն

Օտարութեան Փորձընկալումը

Փիլիսոփայական

Ինքնութիւն – Սփիւռք

Փորձագրութիւն