մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Սանդուխ՝

Ծուռ ու շիտակ

Օր մը ծուռ,
օր մը շիտակ,
ես կը խաղամ
շարունակ…

Այսօր ծուռ,
վաղը շիտակ,
իսկ միւս օրը
շի՛փ շիտակ…

Օր մը ծուռ,
օր մը շիտակ,
դուն կը խաղաս
շարունակ…

Այսօր ծուռ,
վաղը շիտակ,
իսկ միւս օրը
շի՛փ շիտակ…

Օր մը ծուռ,
օր մը շիտակ,
մենք կը խաղանք
շարունակ…

Այսօր ծուռ,
վաղը շիտակ,
իսկ միւս օրը
միասին կ’ուտենք պիստակ…

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Գրականութիւնը եւ մահուան մեր իրաւունքը

Փիլիսոփայական

Կիրակոսը

Մանկապատանեկան վիպակ
1915

Հիփփօ

Ձեռք ձեռքի

Մանկապարտէզի ծրագիր