«Պէյրութի հայանուն փողոցները» ուսումնասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սփիւռքի ամենէն կարեւոր կեդրոններէն մէկուն՝ Պէյրութի փողոցները, որոնք հայկական անուն կը կրեն կամ կրած են մօտիկ պատմութեան մէջ։ Պարզապէս անուանումները ներկայացնելէն աւելի, ուսումնասիրութիւնը տալով այս անուանումներուն պատմականը, նաեւ կը ներկայացնէ փողոցներուն հասարակական պատմութիւնը, ձեւով մը ներկայացուցած ըլլալով ամբողջ գաղութին պատմութիւնը։
Օժտուած մեծ քանակութեամբ հին եւ նոր նկարներով եւ քարտէսներով, աշխատութիւնը կարեւոր օրինակ մըն է Սփիւռքեան գաղութի մը միքրօ-պատմութեան։