մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Բնապահպանութիւն

Ո՞րն է աշխարհի ամենէն մեծ ովկիանոսը։ Հողը ինչպէ՞ս կազմուած է։ Տերեւները ինչո՞ւ գոյն կը փոխեն։ Ո՞ր կենդանիները անապատի մէջ կ՚ապրին։ Այս եւ շատ մը ուրիշ հարցումներու պատասխանները կարելի է գտնել բնապահպանական նիւթերու նուիրուած այս շարքին մէջ։ Շարքին 16 միաւորները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» կազմակերպութեան խմբակին կողմէ, որ կենսոլորտին վերաբերեալ կրթական նիւթեր կը պատրաստէ։ Այժմէական այս […]

Ուսողութիւն եւ աւելին

Ուսողութիւն եւ աւելին ծրագիր մըն է որ 6րդ դասարանի ուսողութեան նիւթերը կը կապէ տարբեր գիտական, մշակութային, բնապահպանական եւ քաղաքացիական նիւթերու: Նիւթեր՝ ինչպէս անկիւնները եւ աստղագիտութիւնը, եռանկիւնները եւ կայուն զարգացման նպատակները, ուղղահայեաց երկհատիչ գիծը եւ արհեստական բանակութիւնը կը միանան իրարու երեխաներուն համար հաճելի տեսերիզներու, ներկայացումներու, խաղերու եւ երգերու միջոցով:

Պուրակ

Պուրակը Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի հարթակն է, ուր կարելի է գտնել տեսերիզներու միջոցաւ դասաւանդուող զանազան նիւթեր: Նախատեսուած է նախակրթարանի երեխաներուն համար։ Ներկայիս հրամցուած 12 նիւթերը ընդգրկուած են հինգ վերնագիրներու տակ՝ «Հայ լեզու», «Պատմութիւն», «Աշխարհագրութիւն», «Թուաբանութիւն» եւ «Գիտութիւն»։ հրամցուած նիւթերը արեւմտահայերէնով կը հրամցնեն յղացքներու բացատրութիւններ եւ անոնց համապատասխան վարժութիւններ։ Ծրագրի կայքէջին վրայ կը կարդանք […]

Հայրենի աղբիւր

Միջնակարգի «Հայրենի աղբիւր» դասագիրքերու շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած միջնակարգի համար։ Ըստ տեղական պահանջներու, շարքը կարելի է գործածել երկրորդականի բաժիններուն մէջ եւս, շնորհիւ գիրքին կառոյցին, որ ուսուցիչին տրամադրութեան տակ կը դնէ գործածութեան մէկէ աւելի մակարդակներ եւ տարազներ։ Գիրքերը բաղկացած են դասերէ, որ կը տարածուին քանի մը դասապահերու վրայ։ Աշակերտներուն վարժեցնելու համար լեզուական հմտութիւններու մէջ, […]

Ծափ ծափիկ

Փոքր տարիքէն սկսեալ, երեխաները պատրաստ են իրենց ձայնին հետ խաղալով, երգելով, ծափելով եւ պարելով բնականօրէն երաժշտութիւն արտադրելու։ Ծափ-Ծափիկ-ի մանկավարժական ուղեցոյցին եւ այդտեղ ներկայացուած խաղերուն ընկերակցութեամբ փոքրիկները երաժշտական հարուստ փորձառութիւն պիտի ամբարեն։ Միեւնոյն ժամանակ առիթը պիտի ունենան զանազան այլ հմտութիւններ զարգացնելու։ Ծափ-Ծափիկը բաղկացած է գիրքէ մը որ 180 էջ է եւ 25 երգերէ կազմուած ցանկէ մը, […]

Յուշամատեան

«Յուշամատեան»-ի հիմնական նպատակն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել  Օսմանեան կայսրութեան հայերուն կեանքին յիշողութիւնը։ Յօդուածներու, քարտէսներու, նկարներու, ձայնային արձանագրութիւններու եւ տեսերիզներու միջոցաւ, կայքէջին այցելուները կը յայտնաբերեն օսմանեան հայերու կեանքը, արուեստները, արհեստները, ուտելիքները, կրթական եւ հոգեւոր կեանքը, ընկերային միջավայրը եւ շատ աւելին։ Յուշամատեան կայքէջին մէջ կան երեք հիմնական բաժիններ. առաջին, յօդուածներ աշխարհագրական յատուկ վայրի մը հայկական […]

Մատենագրութեան թուանշային գրադարան

Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը, ճանչցուած նաեւ որպէս Տիճիլիպ, համացանցային գրադարան մըն է, որ կը բովանդակէ թէ՛ դասական, թէ՛ արդի գրականութեան հսկայական պաշար մը։20 տարուան պատմութիւն ունեցող հաստատութեան հաւաքածոն բաժնուած է զանազան մասերու, որոնցմէ «Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն» բաժինը ունի աւելի քան 500 ծրագրուած միաւոր։ Ասոնց մէկ մասը թուայնացուած է, իսկ մնացածը թուայնացման ընթացքին մէջն է։ […]

Խաղ ու մաղ

Խաղ ու մաղ ծրագիրը 27 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են 1-6 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հաւաքող եւ պատրաստողն է Անահիտ Սարգիսեան։ Շարքին խաղերը կը խաղցուին զոյգերով կամ խումբերով։ Խմբային խաղերու պարագային, նախընտրելի է խաղալ բացօթեայ տարածքի վրայ, կամ սրահներու մէջ։ Խաղ ու մաղ շարքը […]

Պատառիկներ

Պատառիկներըխաղիկներ ենկամ շուտասելուկներ,երբեմն երգային,որոնք թերեւս կարենանժպիտով եւ ծիծաղով համեմելփոքրիկներուն,ինչո՞ւ ոչնաեւ մեծերունանմիջական առօրեան։ Ամեն ամիստասներկու պատառիկկապուած եղանակինեւ տօներուն։

Զարդիս մատենաշար

Զարդիս մանկապատանեկան մատենաշար մըն է, որ ընթերցողներուն կը հրամցնէ ժամանակակից եւ հետաքրքրաշարժ գիրքեր, ընդհանրապէս թարգմանութիւններ զանազան լեզուներէ։ Մանկապատանեկան գրականութիւնը յաճախ փիլիսոփայական բնոյթ ունենալով, Զարդիսի գիրքերը կրնան նաեւ աւելի մեծ տարիքի պատանիներու եւ չափահասներու հետաքրքրութիւնն ալ արթնցնել։ Զարդիսի առաջնահերթ նպատակը ընթերցելու հաճոյքը զարգացնել է։ Ընթերցանութիւնը վայելելու եւ արդիական իմաստով լեզուային յիշողութիւնը ամրացնելու կը հրաւիրէ ընթերցողը։ Զարդիսի գիրքերը […]