մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Գիտութիւն

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի տարիներուն գործածելու համար։ Ամէն մէկը՝ 10էն 14 դասաերէ բաղկացած այս չորս գիրքերը կ՚անդրադառնան գիտական նիւթերու լայն ծիրի մը, կենսաբանութենէն աստղագիտութիւն, բնագիտութենէն երկրաբանութիւն, մարդու մարմին եւ շատ աւելին։ Իւրաքանչիւր դասի նպատակն է գիտական նիւթը ներկայացնել պատկերազարդ եւ մատչելի լեզուով մը, եւ միւս կողմէն նպաստել աշակերտներուն տրամաբանութեան զարգացման։ […]

Հայ կեանք եւ գրականութիւն

Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի […]

Արեւ լուսին ժապաւէն

Եկէ՛ք, ձեռք ձեռքի տանքմանկապարտէզիկախարդական աշխարհըփոխադրե՛նք վեր՝ առաջին դասարան,—մտածեցին երեքը մէկ՝արեւ, լուսին, ժապաւէն։Միայն թէ ճամբայ չելածորոշեցին յարգել միշտչստիկները անխտի՛ր։ Արեւը բերաւ լոյս, ուժ,կորով, ջերմութիւն եւ կեանք.լուսինը՝ խաղաղութիւն,ժամանակի կշռոյթ, յոյս.ժապաւէնը՝ գիծ եւ գոյն,ճկուն միտք, երգ, պար եւ խաղ։ Գիշեր ցերեկ, անդադար,արեւ, լուսին, ժապաւէնապահովութիւն,համարձակութիւնեւ վստահութիւնյանձնեցին չստիկներուն,որպէսզի ցերեկ գիշեր,չստիկները իրենց կարգին,ժապաւէններով գոյնզգոյնճառագայթներ հիւսեն,արեւի լոյսովերկինքէն դէպի երկիր,լուսինի լոյսովերկիրէն դէպի երկինք,ու […]

Հայերէնի գիրքս

Պատմութիւններ, երգեր, խաղեր, վարժութիւններ։ Այս բոլորին միջոցաւ լեզուի դասը կը դառնայ հաճելի։ Ընտրուած նիւթերը մօտ են ընթերցող աշակերտին առօրեայ կեանքին, բան մը, որ աւելի հետաքրքրական եւ մատչելի կը դարձնէ դասը աշակերտին համար։ Շարքը բաղկացած է չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի երրորդ դասարանէն մինչեւ վեցերորդ դասարան։ Իւրաքանչիւր դաս կը բաղկանայ ընթերցանութեան բաժինէ մը, որուն կը հետեւի հարցումներու […]

Իրագիտութիւն

Հրաչ Տասնապետեանի «Իրագիտութիւն» ընդհանուր վերնագիրը կրող դասագիրքերու այս շարքը արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտական նիւթերու հարուստ աղբիւր մըն է։ Որպէս դասագիրք պատրաստուած ու հինգ հատորէ բաղկացող այս շարքը 20րդ դարու 60ական թուականներէն ի վեր լայնօրէն գործածուած է եւ բազմաթիւ հրատարակութիւններու արժանացած է։ Ընթերցողը այստեղ կը հանդիպի բնութեան կազմակերպութեան, անոր տրամաբանական կանոնաւորութեան, բոյսերու եւ կենդանիներու կազմուածքին, անկենդան տարրերու […]

Նայիրի

«Նայիրի» հայերէնի ելեկտրոնային բառարաններու գրադարան է։ Կայքէջը ունի հայերէնի, ինչպէս նաեւ երկլեզու թուային բառարաններ։ Բառ մը փնտռելու համար կարելի է գործածել գլխաւոր էջին վրայ գտնուող տուփիկը։ Նոյն տուփիկը կարելի է գործածել նաեւ ուղղագրութիւն սրբագրելու եւ նմանաձայն բառեր գտնելու համար։ ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (1-2) Գրելու համար կարելի է ձեր նախասիրած հայերէն ստեղնաշարը ընտրել սեղմելով փոքրիկ ստեղնաշարի նկարը։ […]

Փիլիպարտէզ

«Փիլիպարտէզ»-ը երեխաներուն հետ փիլիսոփայութեան ծրագիր մըն է, որուն նպատակն է՝ իրականութիւն դարձնել երեխաներուն հետ արեւմտահայերէնով փիլիսոփայելու գաղափարը: Այս նպատակով կը պատրաստուին նիւթեր եւ կը տրամադրուին ծրագիրին կայքէջին վրայ։ «Երեխաներուն հետ փիլիսոփայութիւն»-ը աշխարհի վրայ բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը կիրարկուի, թէ՛ դպրոցական ծրագիրներու եւ թէ՛ զանազան խմբային աշխատանոցներու ընթացքին, հարցումի մը, խնդիրի մը եւ կամ յղացքի մը […]

Կամուրջներ շինենք

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» նախաձեռնութեան կողմէ։

Գիւտ մը նիւթ մը

«Գիւտ մը, նիւթ մը» տեսերիզներու շարքին իւրաքանչիւր տեսերիզը կը ներկայացնէ գիտական նիւթ մը՝ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղղուած։ Ճամբայ ելլելով հայ գիւտարարի մը հնարքէն, կ՚ընդլայնէ նիւթը եւ կը ներկայացնէ հետաքրքրական գործիք մը կամ աշխատանք մը։ Պատմուած մեծ մասամբ երեխաներուն կողմէ, տեսերիզները արեւմտահայերէն են եւ արդիական միջոցներով պատկերուած, գրաւիչ դառնալու համար ժամանակակից երեխային եւ պատանիին։ Հեղինակ եւ […]

Բառ ու պար

«Բառ ու պար» ծրագիրը 9 խաղերէ բաղկացած շարք մըն է, ուր խաղերը ներկայացուած են տեսերիզներու միջոցաւ։ Շարքը ներշնչուած եւ քաղուած է աւանդական խաղերէ, հիւսուած Անահիտ Սարգիսեանի կողմէ։ Այս խաղերը կարելի է խաղալ խումբով, բացօթեայ կամ սրահի մէջ։ Վարի յղումներուն միջոցաւ կրնաք հասնիլ իւրաքանչիւր խաղի էջին, ուր կարելի է գտնել խաղին տեսերիզը եւ խօսքերը։ «Բառ ու […]