մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սփիւռք մատենաշար

Սփիւռք Մատենաշարը ընթերցողին կը հրամցնէ հայ գրականութենէն ընտրանի մը՝ գիրքեր որոնց հրատարակութիւնները սպառած են եւ կամ քիչ ծանօթ են հանրութեան, հակառակ անոնց կարեւոր պատմական դերին եւ գրական արժէքին։ «Ակտուալ Արուեստ»-ի նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ հրատարակուած այս գիրքերը, ընթերցողներուն կը ներկայացնէ արեւմտահայ սփիւռքի փորձառութիւնը, անոր արտադրած գրականութեան միջոցաւ։ Գիրքերը կարելի է նաեւ տրամադրելի դարձնել դպրոցական եւ դասարանային […]

Նինինուն, Ճիճոզը եւ ընկերները

Զարմանալի անուններով կերպարներ են,այս կարճ տեսերիզներուն հերոսները,որոնք երգով ու կատակով կը պատմենպարզ դրուագներ առօրեայ կեանքէն,սակայն յաճախ փիլիսոփայական մօտեցումով։ Զարմանալի անուններով այս հերոսները,կը պատմեն ոչ միայն փոքրիկին,այլ մեծով, պզտիկով, ամբո՛ղջ ընտանիքին…ու ժպիտ մը գաղտուկկը գծագրուի դիտողին դէմքին վրայ… Հեղինակն է Անահիտ Սարգիսեան

Անտիտղոս հերոսներ

Անտիտղոս հերոսներ՝անժամանակ,որոնց կը հանդիպինքմի՛շտ,այստեղկամ այնտեղ՝ամենուրէք,ո՛ւր որ ենք…

Սինեմայի հարուստ աշխարհը

Ֆիլմ դիտելը հաճելի ժամանց մըն է։ Իսկ աղուոր ֆիլմ մը դիտելը եւ զայն արժեւորելը, ժամանցին զուգահեռ, աւելի խորունկ փորձառութիւն մը կու տայ։Աղուոր ֆիլմ մը կարողութիւնը ունի պատմութիւններու ընդմէջէն մեզ տեղափոխել վայրեր, ուր ժամանակներու եւ մշակոյթներու սահմանները գրեթէ գոյութիւն չունին։ Ֆիլմը կը յաջողի արտայայտել միտքեր եւ յուզումներ՝ պատմութիւն մը պատմելու հետաքրքրական հնարքներ առաջարկելով, անոնց յարմար պատկերներ […]

Երդիք

Զանազան տարիքներու ուղղուած գոյնզգոյն տեսերիզներ, որոնք ամէն շաբաթ հաճելի եւ հետաքրքրական նիւթեր կը հրամցնեն բոլորիս։ Երդիք երկու բաժին ունի։ Ակուլ տուկուլ2-էն 6 տարեկաններուն համար՝ խաղերու, երգերու, պատմութիւններու եւ հանելուկներու փունջ մը պիտի ներկայացնէ ամէն շաբաթ։ Հայախօս կամ ոչ, երեխաները պիտի կարենան հաճոյքով հետեւիլ եւ մասնակցիլ իրենց ուզած ձեւով։ Ալնիս բալնիս7-էն 12 տարեկաններուն համար՝ ամէն շաբաթ […]