մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հեղինակին համաձայն՝ այս Ա. գիրքը (10րդ կարգ) աւելի արագ կ՚անցնի արդի հայ գրականութեան առաջին սերունդներուն վրայէն։ Դասաւանդումի հիմնական միջոցն է գրական հատուածներու վերլուծումը, որպէս ճաշակի ու գեղագիտական դատումի փորձադաշտ։ Պատմական շրջանին նկարագրութիւնը թեթեւցած է, մանրամասնութիւնները՝ զեղչուած, պահուած է էականը՝ հայ գրականութիւնը, որպէս հայ կեանքի հարազատ հայելին, որ լաւագոյնս կ’օգնէ ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար տուեալ շրջանի հայկական կեանքը։ Դասագիրքերը ունին խաչաձեւ յղումներու համակարգ, ժամանակագրական ցուցանակներ, եւ եզրաբանական բառարան։