Ընկերներ ընկերներ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Երկու խումբի բաժնուիլ ու դէմ դիմաց ձեռք ձեռքի, ուս ուսի կանգնիլ…։ Խաղը կրկնելով, առջեւ ետեւ, երթալ ու գալ չափով, գրեթէ պարային…։ Ընկերներ, ընկերներ, սիրուն ընկերներ…։ Ի՞նչ կ’ուզէք, ի՞նչ կ’ուզէք, մեր այս խումբերէն…։ Աղուոր աղջիկ մը տեսանք, անիկա կ’ուզենք…։ Այն աղջկան անունը մեզի յայտնեցէք…։ Այն աղջկան անունը …….. է…։ […]
Գորտը – Հանելուկ

Խաղալ մանաւանդ անձրեւոտ օրերը, Հանելուկներուն պոչը երկար է…։ Կարելի է ստեղծել ու խաղալ բոլոր կենդանիներուն համար…։ Կրկնել՝ Գոց սնտուկ, բաց սնտուկ, մէջէն ելաւ հանելուկ…։ Հանելուկը կրկնել գորտի ձայնով եւ ձեւերով՝ Մկրատը բաց Մկրատը գոց Մկրատ, մկրատ, մազ չկայ…։ Տոտիկ կայ, կայ, կայ…։ Թաթիկ կայ, կայ, կայ…։ Պոչիկ չկայ…։ Երբ ձայն տուողը ըսէ՝ Գորտ Գորտիկները դուրս…։ […]
Խնոցի

Խմբային խաղերու շարք Խնոցի Ամենէն փոքրիկներուն՝ գիրկի երեխաներուն…։ Գիրկը նստած երեխան ետեւ առջեւ օրօրել ու երգել…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ բարի խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարի, հարի, խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Մէջդ կարագ խնոցի, նայ նայ, նայ նայ, խնոցի…։ Հարեցի, հա հարեցի, դեղին կարագը հանեցի…։ Եւ […]
Հաւ աքլոր հաւկիթ – Տարբերակ Ա

Խմբային խաղ՝ երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։ Խաղալ գարնան՝ Մեծ Զատիկէն առաջ…։ Կրկնել՝ Հաւնոցը աքլորը հաւուկը աքլորը, Ճուտիկները…։ Հաւ աքլոր, հաւ աքլոր…։ Երբ լսեն՝ Ճուտի՛կ, շուտով պպզիլ…։ Իսկ երբ լսեն՝ Հաւկի՛թ, շուտով դառնալ հաւկթաձեւ…։ Խաղին մէջ փորձել միշտ նորութիւններ աւելցնել…։ Երբ հաւկիթ դարձած են, հաւուկը թուխս պիտի նստի…։ Համրել մինչեւ քսանմէկ…։ Անշարժ, հաւկթաձեւ մնալ…։ Քսանմէկերորդ օրը՝ […]
Հաւ աքլոր հաւկիթ – Տարբերակ Բ

Խմբային խաղ՝ երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։ Խաղալ գարնան՝ Մեծ Զատիկէն առաջ…։ Հաւնոցը չկայ աղուէսը։ Հա՛ւ աքլո՛ր Ճուտի՛կ…։ Հաւ աքլոր, հաւ աքլոր, աղուէս…։ Խաղին մէջ փորձել միշտ նորութիւններ աւելցնել… Երբ հաւկիթ դարձած են…՝ Չըրըխըկը՛…։ Ձուածեղ՝ Իւղով միւղով տապկեցի Փորիկին վրայ տապկեցի Կռնակին վրայ տապկեցի Խառնեցի Անօթիին կերցուցի։ պատրաստել համով ձուածեղը՝ իւղով կամ առանց իւղի…։ Երբ խաղը […]
Թաշկինակի խաղ

Բակի խմբային խաղ՝ չորսէն ութ տարեկաններու համար…։ Միտքը ծուռ է, Պոչը ծաղիկ, Աչքը հաւերուն վրայ է։ Աղուէսիկ դարձած երեխան թաշկինակը ձեռքին, շրջանակ կազմած ու գետինը նստած ընկերներուն շուրջը կը դառնայ կրկնելով՝ Աղուէսիկը պիտի գայ…։ Թող գայ, թող գայ…։ Անպիտանը, Բռնէ բռնէ աղուէսը… Անպիտանը։ Երբ թաշկինակը մէկու մը ետեւը կը ձգէ, ընտրուած երեխան պէտք է թաշկինակը […]
Կոտոշ կոտոշ

Ձեռնախաղ՝ երեքէն ութ տարեկաններու համար…։ Կրկնել՝ Կոտոշ կոտոշ, եւ մատներով զոյգ մը կոտոշ տեղաւորել գլխուն վրան, երբ կը լսեն կենդանիին անունը…։ Կոտոշ, կոտոշ, այծուկի կոտոշ…։ Պէէէէէ…։ Կոտոշ, կոտոշ, նոխազի կոտոշ…։ Պէէէէէէէէէ…։ Կոտոշ, կոտոշ, կովուկի կոտոշ…։ Մուուուու…։ Կոտոշ, կոտոշ, ցուլի կոտոշ… Հայտըտա տըմպա, տըմպա, տըմպա։ Կոտոշ, կոտոշ, պատառաքաղի կոտոշ…։ Խաղերուն մէջ երբեմն մտցնել անհեթեթ պատկեր մը, […]
Գայլախաղ կամ քայլախաղ

Բակի խմբային խաղ՝ երեքէն եօթը տարեկաններու համար…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն…։ Կը լոգնամ…։ Անտրամաբանական… անտրամաբանական…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն…։ Կը չորցուիմ…։ Անտրամաբանական…։ Անտրամաբանական…։ Մենք կը խաղանք անտառին մէջ, երբ որ գայլը հոս չէ…։ […]
Ուղտը – Հանելուկ

Հանելուկներուն պոչը երկար է…։ Կարելի է ստեղծել ու խաղալ բոլոր կենդանիներուն համար…։ Կրկնել՝ Գոց սնտուկ, բաց սնտուկ, մէջէն ելաւ հանելուկ…։ Այն ո՞վ է…։ Ամեն տեղը ծուռիկ մուռիկ, կը քալէ կուզիկ մուզիկ…։ Ձայնողը յաջորդաբար կու տայ մարմնին տարբեր մասերուն անունները՝ վիզը ծուռ է ուսը, թեւը, ոտքը, մէջքը, քիթը, պոչը…։ Իսկ խաղացողները պէտք է շուտով ծռեն մարմնին […]
Ակուլ տուկուլ – Հաշուերգ

Հաշուերգները բոլորին համար են, անտարիք են…։ Հաշուերգները միշտ կը հնչեն. խաղէն առաջ կամ խաղի ժամանակ, խաղը սկսողին կամ աշխատանք մը կատարողին դժուար ընտրութիւնը ձգելով բախտին…։ Յաճախ անհեթեթ բառեր են…։ Երեւի ժամանակին ոչ անհեթեթ…։ Բերնէ բերան ճամբորդած, ծամծմուած, ծռած մռած եւ ծիծաղելի բառեր մեզի հասած…։ Պայման չէ իմաստ փնտռել…։ Համն ու հոտը անհեթեթութեան մէջն է…։ Բու […]