մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ընկերներ ընկերներ

Մանկական խաղ

Բակի խմբային խաղ՝
երեքէն ութ տարեկաններու համար…։

Երկու խումբի բաժնուիլ
ու դէմ դիմաց
ձեռք ձեռքի,
ուս ուսի կանգնիլ…։

Խաղը կրկնելով,
առջեւ ետեւ,
երթալ ու գալ չափով,
գրեթէ պարային…։

Ընկերներ, ընկերներ,
սիրուն ընկերներ…։

Ի՞նչ կ’ուզէք, ի՞նչ կ’ուզէք,
մեր այս խումբերէն…։

Աղուոր աղջիկ մը տեսանք,
անիկա կ’ուզենք…։

Այն աղջկան անունը
մեզի յայտնեցէք…։

Այն աղջկան անունը
…….. է…։

Փափուկ է, տկար է,
չի կրնար քալել…։

Փափուկ է նէ, տկար է նէ,
կառք մը կը բերենք…։

Ասպետ
Տասնապետ
Հարիւրապետ
Հազարապետ
Սպարապետ

Եւ երկու խաղացող
մէկը միւսին
դաստակներն ու արմուկները բռնելով,
կառք մը կը շինեն,
թագաւորին աղջիկը կը նստեցնեն
եւ իրենց կողմը կ’անցընեն…։

Թագաւորին աղջիկն է…։
Թագաւորին աղջիկն է…։

աւելին

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Արդի տառատեսակ

Տառատեսակ

Բնապահպանութիւն

Բնապահպանական միաւորներու շարք

Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ

Սփիւռք մատենաշար