Դպրոցը

Տունը

Որմադիրը եւ շինութեան նիւթեր

Գիտութիւն

«Գիտութիւն» դասագիրքերու շարքը կը բաղկանայ չորս գիրքերէ, նախատեսուած նախակրթարանի տարիներուն գործածելու համար։ Ամէն մէկը՝ 10էն 14 դասաերէ բաղկացած այս չորս գիրքերը կ՚անդրադառնան գիտական նիւթերու լայն ծիրի մը, կենսաբանութենէն աստղագիտութիւն, բնագիտութենէն երկրաբանութիւն, մարդու մարմին եւ շատ աւելին։ Իւրաքանչիւր դասի նպատակն է գիտական նիւթը ներկայացնել պատկերազարդ եւ մատչելի լեզուով մը, եւ միւս կողմէն նպաստել աշակերտներուն տրամաբանութեան զարգացման։ […]
Փթիթ

«Փթիթ»ը ե՛ւ կայքէջ է, ե՛ւ խելախօսի յաւելուած։ Որպէս մանկապատանեկան պարբերաթերթ սկսած է «Փթիթ»ը, ծնունդ առնելով Պէյրութի մէջ 2010 թուականին։ «Փթիթ»ը հարուստ է իր զանազան տեսակի խաղերով. լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական եւ ժամանցի։ Ունի նաեւ այլ հետաքրքրական բաժիններ՝ պատ-մութիւն, առակ, հանելուկ եւ ժպիտ։ Իր մատչելի բաժիններով, «Փթիթ»ին կայքէջը հետաքրքրական կայան մըն է, որուն կարելի է երկար ժամեր […]
Փոքրիկ

«Փոքրիկ»-ը արեւմտահայերէն հէքիաթներ հրամցնող կայքէջ մըն է, որ ծնունդ առած է Պոլսոյ մէջ 2014-ին։ Հոս ներկայացուած աւելի քան 100 լսատեսողական հէքիաթները փոխ առնուած են ժողովրդական գրականութենէն, տարբեր ժողովուրդներու աւանդական ու ժողովրդական առասպելներէն, դիցաբանութիւններէն, առակներէն, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մանկական գրականութեան դասականներէն եւ ժամանակակից աղբիւրներէ: «Փոքրիկ»-ի ծանուցումը կ՚ըսէ թէ իր նպատակն է «հաստատել աւելի ջերմ եւ մտերիմ […]
Տարոսիկ

Տարոսիկին հետ հեքիաթները, երգերը, խաղերը եւ խօսքերը իրար կը կապուին։ Պատմութիւնները կը միանան երգերուն եւ ունկնդիրներուն կը հրամցնեն աւանդական եւ ժամանակակից երաժշտական եւ լեզուային հասկացողութեամբ հարուստ մշակութային աշխարհ մը։ Երգ ու լեզու իրար կապող ծրագիր մը, Տարոսիկը իր գիրքով եւ խտասալիկով կ՚ընդգրկէ նոր երգերու յօրինում եւ աւանդական երգերու ու խաղերու նոր մեկնաբանութիւն։ Տարոսիկ գիրքը թերթելով եւ խտասալիկը […]
Րուրի

Րուրի խտասալիկը իր ութ օրօրներով ունկնդիրները կը հրաւիրէ լոյսերը թեթեւցնելու եւ անցնելու այս մեղեդիներուն գիրկը։ Ժողովրդական օրօրները թէ՛ մեծերուն եւ թէ՛ երեխաներուն համար պիտի ըլլան փրկութիւն առօրեայ աղմուկէն եւ տաղտուկէն։ Օրօրները կու գան զանազան վայրերէ՝ Ակն, Արմտան, Էվերեկ, Բինկէն, եւ այլ գիւղերէ եւ քաղաքներէ, ուրեմն իրենց հետ նաեւ այս վայրերուն բարբառները կու գան 21-րդ դար […]
Թէ ինչպէս…

Փաթիլը միշտ հետաքրքրական – եւ քիչ մը խենթուկ – ծրագիրներ ունի. ցոյց մը կազմակերպել Ծովինարին մազերը շատ կարճ կտրած սափրիչին դէմ, «Կայտառ կաքաւներ» անունով երգի խումբ մը ստեղծել ամենամտերիմ ընկերուհիին՝ Անուշին հետ, դասարանի նապաստակին վանդակին դուռը բանալ որպէսզի «քիչ մը վազէ» հանրային պարտէզին մէջ, Արային սենեակին նոր ներկուած ճերմակ պատերը զարդարել, լման գիշեր մը Անուշենց […]
Նշանս

Հրաչին սրունքին վրայ ծննդեան նշան մը կայ։ Ան բնա՛ւ չի սիրեր իր այս վարդագոյն նշանը, նոյնիսկ կ՚ատէ՛ զայն։ Եւ հակառակ զայն թաքցնելու իր բոլոր ճիգերուն՝ նշանը անհետանալու միտք չունի։ Եւ Հրաչը ընկերները տպաւորելու համար իր նշանին կախարդական ծագումին մասին պատմութիւններ կը յօրինէ… բայց բան չի փոխուիր, ան տակաւին նոյնքան կ՚ատէ իր նշանը։ Յանկարծ օր մը […]