մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Այն օրը, երբ…

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր թէ ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր…։ Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ […]

Փոքրիկ Նիկոլը

Փոքրիկ Նիկոլը ամենէն չարուկ, ամենէն խելացի եւ նոյն ատեն ամենէն զգայուն տղան է։ Դպրոցին մէջ տեսակ տեսակ արկածներ կ՚ունենայ իր ընկերներուն հետ։ Ընթերցողները պիտի սիրեն փոքրիկ Նիկոլը եւ անոր հետ պիտի անցնեն զուարթ եւ հաճելի ժամանակ։ Արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը վեց պատմուածքներ կը ներկայացնէ, որոնք առնուած են Փոքրիկ Նիկոլի «Դպրոցական Վերամուտը» գիրքէն։ Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ «Ֆրանսայի […]

Բարի եկար Նուրին

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Նուրին կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, ճօճանակ, դիմակ, ծաղիկ եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի եկար Նուրին» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Բարի լոյս Պուրպատիկ

Երգերու, խաղերու, պատմուածքներու, բառախաղերու եւ երկխօսութիւններու միջոցաւ, Պուրպատիկ կը հրամցնէ աշխարհ մը, ուր կը տողանցեն տարուան եղանակները, բնութիւնը իր երեւոյթներով, մանուկներու աշխարհին յատկանշական երեւոյթները՝ ծաղկոց, ծափիկ, բարեկենդան, կաղանդ, մարզանք, պուպրիկ, շոգեկառք եւ դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր…։ Երաժշտութեան մանկավարժ Յասմիկ Ինճէճիկեանի կողմէ պատրաստուած «Բարի լոյս Պուրպատիկ» ծրագիրը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ որ բոլոր երեխաներն ալ երաժշտական կարողութիւն […]

Հայբոտ

«Հայբոտ – Լինտան կը պատմէ» ծրագիր մըն է հայերէն հեքիաթներ ներկայացնելու հոսարկումի (փոտքասթի) մը միջոցաւ։ ԱյԹիւնզի, Կուկըլի եւ այլ հարթակներու վրայ հասանելի հոսարկումին իւրաքանչիւր հատուածը հեքիաթ մըն է, առնուած համաշխարհային եւ կամ հայկական դասական հեքիաթներու ցանկէն։ Հեքիաթները պատմողն է Լինտա Գանտիլեանը, որուն ձայնին կ՚ընկերակցի հաճելի երաժշտութիւն։ Հայբոտի 5-10 վայրկեան տեւողութեամբ հոսարկումները պատրաստուած են որդեգրելով ունկնդիրներու […]

Գնդակ մը, խսիրէ աթոռներ եւ պաղպաղակ

Շրջուն վաճառականէն պաղպաղակ գնող տղուն գնդակը շէնքէ մը ներս կ՚իյնայ։ Երբ կը փորձէ առնել գնդակը, կը տեսնէ, որ հոն ուր ինկած է՝ սեւ ակնոցներով մարդիկ խսիրէ աթոռներ կը շինեն։ Տարիներ կ՚անցնին… Գնդակը նոյն տեղն է տակաւին եւ նոյն Շրջուն վաճառականը կու գայ նոյն երգով։ Ի՞նչ բան փոխուած է այս փողոցներուն մէջ այսքան տարուան ընթացքին։ Ժամանակը, […]