Կամուրջներ շինենք Բ.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Արծարծուած նիւթերն են՝ «Ի՞նչ է կլիմայի փոփոխութիւնը», «Մենք ինչպէ՞ս կ՚ազդենք անոր վրայ» եւ «Ինչպէ՞ս կրնանք դադրեցնել զայն»։ Գրքոյկին գունազարդ էջերուն վրայ ընդգրկուած են բառացանկեր եւ զանազան գիտական փաստեր։ Գրքոյկները պատրաստուած […]
Կամուրջներ շինենք Ա.

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» նախաձեռնութեան կողմէ։
Կամուրջներ շինենք

«Կամուրջներ շինենք» պատկերազարդ գրքոյկներ են, որ ընթերցողին կը ծանօթացնեն զանազան բնապահպանական նիւթերու։ Գրքոյկները նաեւ կը պարունակեն լեզուական խաղեր, բնապահպանութեան մասին սորվիլը աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով։ Գրքոյկները պատրաստուած են «Հայկական ծառ» նախաձեռնութեան կողմէ։
Դերաքրիստոսը

Սոյն հատորը մէկ կողքի տակ երկու գիրք կը պարունակէ։ Նախ՝ Ֆրիդրիխ Նիցչէի վերջին գործերէն՝ Դերաքրիստոսը (գերմաներէն՝ Der Antichrist, որ կրնայ նաեւ նշանակել “հակաքրիստոնեան”) գիրքին արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ Որմէ ետքը կու գայ Մարկ Նշանեանի աշխատասիրութիւնը Նիցչէի՝ գիտակից կեանքի վերջին տարիներուն զարգացուցած փիլիսոփայութեան մասին։ Նիցչէն իր այս գիրքը «ուժանիւթ»ի կը նմանցնէր, կ՚ըսէր թէ «տառացի կերպով կը պայթեցնէ մարդկութեան […]
Բառաստան

«Բառաստան»ը առցանց բառարան եւ բառացուցակ մըն է, որ կը պարունակէ հայերէն 35 հազար եւ ֆրանսերէն շուրջ 25 հազար բառ: Բառաստանը կարելի է գործածել գլխաւոր երկու ձեւով, թէ՛ որպէս բառարան, կատարելով որոնումներ եւ թէ՛ որպէս բառացուցակ, հետեւելով 32 բնաբանական գլուխներէ բաղկացած ցուցակին։ Բառացուցակին 32 գլուխները բաժնուած են ութը մասերու՝ «Առօրեայ կեանք», «Մարմին եւ ժամանց», «Բնութիւն եւ […]
Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։
Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ

Գիտահետազօտական այս աշխատանքը ունի ակադեմական բնոյթ, սակայն միեւնոյն ժամանակ՝ լայն հասարակութեան մատչելի ոճ մը կ՚օգտագործուի:
Միտք եւ արուեստ

Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի […]
Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը

«Մատենագրութեան թուանշային գրադարան»-ի գրական հսկայական պաշարին մաս կը կազմեն՝ Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերը, որոնք թուայնացած են եւ հանրութեան անվճար հրամցուած։ Զապէլ Եսայեանի հաւաքածոն ալ աւելի կը ճոխացնէ՝ այս թուային գրադարանին արդէն իսկ հարուստ Արեւմտահայ եւ սփիւռքի գրականութիւն բաժինը, որ կ՚ընդգրկէ 600-ի շուրջ վերնագիր։ 27 վերնագիրներու տակ հաւաքուած Զապէլ Եսայեանի ամբողջական գործերուն մատչելի ձեւով հանրութեան ներկայացուիլը կարեւոր […]
Կարմիր կօշիկ

Մանուկը այլեւս բոպիկ չէ եւ այլեւս սորված է մինակը հագուիլ։ Նախատեսուած է 0-3 տարեկաններու համար։