Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Քրիստիան Բատիկեան
Էջերու քանակ՝ 176
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Մետաղէ երազներ

Վէպ

Ու կ՚արթննաս այդ ամրան մէջ ու չես հասկնար ինչո՛ւ կ՚արթննաս, ու ամէն բան խոնաւ է, բարձը, մէջքիդ փակած շապիկը, սաւանները, երազները, դուն ու ամառը։ Ու առտուան խոնաւութիւնը պատուհանէն դուրս կ՚երկարէիր ու մատներուն ծայրերով կը շոյէիր օդին մէջ լողացող ջուրի փոշին, ու ծովէն բարձրացող առաւօտեան մշուշը թեւերուդ նոր բուսնող աղուամազին կը փակէր ու կը թափանցէր մորթէդ ներս։ Ու մնացին հոն ընդմիշտ, այդ առտուներուն մշուշները, մորթիդ տակ պահուըտած, ինչպէս դուն պահուըտեցար սենեակիդ մէջ, ամբողջ այն ամառը։

Երիտասարդներ, երազներ եւ մետաղէ երազներ։ Կրնա՞յ մարդ իր երազէն աւելի գերադասել որեւէ բան։ Հապա՞ եթէ երազները չիրականանալու վախը մտնէ մարդուն մէջ։ Կ՚ուզես փախուստ տալ ամէն ինչէն։ Ամբողջ ամառ մը կը բանտարկուիս սենեակիդ մէջ։ Անձնասպանութեան կրնա՞յ հասցնել։ Ընկերները կը մնան սակայն…։ «Ամէն ինչ օքէյ պիտի ըլլայ, կը յաղթահարենք ասիկա, դուն միայն վստահէ՛ ինծի»։

Օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։

աւելին

Տեղեկութիւններ՝

Հեղինակ՝ Քրիստիան Բատիկեան
Էջերու քանակ՝ 176
Հրատարակիչ՝ Ինքնագիր գրական ակումբ
Հրատարակութեան թուական` 2018

Սանդուխ՝

Կարելի է գտնել այստեղ՝

Այլ նիւթեր՝

Գիւտ մը նիւթ մը

Գիտական տեսերիզիներու շարք

Մշակութային առաջին հանրագիտակս

Հանրագիտարան

Սեռականութեան պատմութիւն

Փիլիսոփայական

Զարդիս մատենաշար

Մանկապատանեկան մատենաշար