Ազգային երաժշտութիւն

Մինչեւ 19-րդ դար երաժշտութեան ընդհանուր զարգացումը կ՚որոշէին արեւմտաեւրոպական առանձին երկիրներ, Իտալիան Պարոք ժամանակաշրջանին, իսկ Ֆրանսան եւ Գերմանիան՝ դասական շրջանին։
Վիպապաշտ ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

19-րդ դարու առաջին կիսուն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ծնունդ կ՚առնէ գաղափարական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ ուղղութիւն մը՝ Վիպապաշտութիւնը, որ կ՚ընգրկէ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները։ Երաժշտական արուեստին մէջ Վիպապաշտ շրջանը կ՚ընգրկէ 1810-1900 թուականները։
Դասական ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

Դասական ժամանակաշրջանը երաժշտական արուեստին մէջ կ՚ընդգրկէ 1750-1810 թուականները։ Այս շրջանին կրօնական սեռերն ու թեմաները կը դառնան երկրորդական։
Պարոք ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

Պարոք դարաշրջանի երաժշտութիւնը կը բնորոշուի փառահեղութեամբ, ճոխութեամբ եւ «թատերականութեամբ»։ Անիկա կը յատկանշուի նորարական մօտեցումներով, յայտնութիւններով եւ իրագործումներով։
Վերածնունդի ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

Երաժշտական Վերածնունդ կը համարուի 1400-1600 թուականներու միջեւ ընդգրկուած ժամանակահատրուածը։ Այդ շրջանին կը զարգանայ աշխարհիկ երաժշտութիւնը, կը զօրանայ ժողովրդային երաժշտութեան ազդեցութիւնը։
Միջնադարեան երաժշտութիւն

Եւրոպական երաժշտական Միջնադարու սկիզբը, ըստ տարբեր հետազօտողներու, կը տարուբերի 200-500 թուականներուն միջեւ եւ կ՚աւարտի 1400-ին։ Անիկա երաժշտութեան պատմութեան ամենէն երկարատեւ եւ նուաճումներով ու իրագործումներով հարուստ ժամանակաշրջանն է։
Հին շրջանի երաժշտութիւն

Երաժշտութիւնը բնութեան ձայներու ձեւով գոյութիւն ունեցած է աշխարհի ստեղծման առաջին օրէն։ Մարդու կողմէ երաժշտութեան յօրինումը սկսած է անոր խօսակցական լեզուի զարգացման հետ զուգահեռ։
Երաժշտութիւն. պատմութիւն եւ տեսութիւն

Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի այս գիրքը, իր բառերով «համառօտ կը ծանօթացնէ երաժշտութեան պատմութեան եւ անոր զարգացման ընթացքին, տեղեկութիւններ կու տայ տարբեր ազգերու երաժշտութեան եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժշտահաններու մասին»։ Ըստ հեղինակին «ձեռնարկը կրնայ օգտակար ըլլալ երաժշտական հաստատութիւններու ուսանողներուն եւ հանրակրթական դպրոցներու միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն։ Գիրքը կրնայ օգտակար ըլլալ երաժշտասէր լայն հասարակութեան։» Զնտուկին վրայ տեղադրուած է […]
Երգեր

Այստեղ հաւաքուած են Երդիքի բոլոր երգերը, որոնք կու գան թէ՛ Ակուլ Տուկուլէն եւ թէ՛ Ալնիս Բալնիսէն։
Օրօր

Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն ալ թռչնիկ մը կայ… Աստղ եւ լուսին օրօր կ՚երգեն, օրօր կ՚երգեն ու կ՚օրօրեն… Րուրի րուրի, սիրուն թռչնիկ, անուշ քունիկ, մշիկ մշիկ… Պարտէզին մէջ ծառ մը կայ, ծառին վրայ ճիւղ մը կայ… Ճիւղին վրայ բոյն մը կայ, բոյնին մէջն […]