մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հայ երաժշտական մշակոյթը 19-րդ դարուն

Ժամանակաշրջանի յատկանշական իրադարձութիւնը հայկական երաժշտագրութեան ստեղծումն էր, որ իրագործեց Համբարձում Լիմոնճեանը 1813-1815 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ։

Հայ երաժշտական մշակոյթը 20-րդ դարերուն

Այս շրջանին դրուեցաւ ազգային դասական երաժշտութեան հիմը, զարգացաւ կատարողական արուեստը, աճեցաւ հետաքրքրութիւնը դէպի եւրոպական նուագարանները, երաժշտական սեռերը եւ ձեւերը։

Երաժշտագրութիւն

Երաժշտագրութիւնը երաժշտութիւնը գրի առնելու միջոց է, որ գործածած են տարբեր դարաշրջաններու եւ տարբեր երկիրներու մէջ։ Ներկայիս կը գործածուի դարերու ընթացքին ձեւափոխուած եւ կատարելագործուած եւրոպական երաժշտագրութիւնը։

20-րդ դարու եաժշտութիւն

Երաժշտութեան ասպարէզին մէջ 20-րդ դարը կարելի է բնոլորշել իբրեւ փորձերու եւ փնտռտուքի շրջան։ Որոշտ երաժշտահաններ կը շարունակէին զարգացնել 19-րդ դարու ոճային աւանդոյթները, ուրիշներ ալ կը փնտռէին դաշանւորումի եւ ձայնակայքի գործածման նոր ուղիներ եւ նոր արհեստագիտական հնարներ։

Երգային արուեստ

Երաժշտութիւնը ըստ կատարման միջոցի կը բաժնուի երկու հիմնական խումբերու՝ երգային եւ նուագարանային։ Երգային արուեստը ըստ կատարողական ձեւի կ՚ըլլայ մենակատարային եւ խմբային։

Ballet

Ballet-ն (թատերապար, պարախաղ) երաժշտական-բեմական արուեստի բարդ տեսակ է, ուր միաւորուած են պարը, միջախաղը, երաժշտութիւնը, թատերական մտայղացումը եւ գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ տարածները, յարդարանքը։

Կատարողական արուեստ

Երաժշտական արուեստը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց միջնորդի՝ կատարողի, որուն առաքելութիւնն է «կեանք տալ» երաժշտական ստեղծագործութեան, զայն հնչեցնել եւ լսելի դարձնել ունկնդիրներուն։

Երաժշտահան

Մասնագէտ երաժիշտ-յօրինողը կը կոչուի երաժշտահան։ Արհեստավարժ երաժշտահանը հարկ է որ ունենայ բնատուր երաժշտական օժտուածութիւն եւ համապատասխան երաժշտական գիտելիքներ։

Հարաւ-արեւելեան ժողովուրդներու երաժշտութիւնը

Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երաժշտութիւնը եւ հեռաւոր Արեւելքի երաժշտութիւնը իրենց հնչեղութեամբ էապէս կը տարբերին երւրոպականէն։ Հիմնական պատճառը այն է, որ այդ ժողովուրդներու երաժշտութիւնը հիմնուած է տարբեր ձայնաշարերու, տարբեր ձայնամիջոցներու վրայ եւ ունի տարբեր կշռոյթներ։