մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Ազգային երաժշտութիւն

Մինչեւ 19-րդ դար երաժշտութեան ընդհանուր զարգացումը կ՚որոշէին արեւմտաեւրոպական առանձին երկիրներ, Իտալիան Պարոք ժամանակաշրջանին, իսկ Ֆրանսան եւ Գերմանիան՝ դասական շրջանին։

20-րդ դարու եաժշտութիւն

Երաժշտութեան ասպարէզին մէջ 20-րդ դարը կարելի է բնոլորշել իբրեւ փորձերու եւ փնտռտուքի շրջան։ Որոշտ երաժշտահաններ կը շարունակէին զարգացնել 19-րդ դարու ոճային աւանդոյթները, ուրիշներ ալ կը փնտռէին դաշանւորումի եւ ձայնակայքի գործածման նոր ուղիներ եւ նոր արհեստագիտական հնարներ։

Հարաւ-արեւելեան ժողովուրդներու երաժշտութիւնը

Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ երաժշտութիւնը եւ հեռաւոր Արեւելքի երաժշտութիւնը իրենց հնչեղութեամբ էապէս կը տարբերին երւրոպականէն։ Հիմնական պատճառը այն է, որ այդ ժողովուրդներու երաժշտութիւնը հիմնուած է տարբեր ձայնաշարերու, տարբեր ձայնամիջոցներու վրայ եւ ունի տարբեր կշռոյթներ։

Երաժշտահան

Մասնագէտ երաժիշտ-յօրինողը կը կոչուի երաժշտահան։ Արհեստավարժ երաժշտահանը հարկ է որ ունենայ բնատուր երաժշտական օժտուածութիւն եւ համապատասխան երաժշտական գիտելիքներ։

Կատարողական արուեստ

Երաժշտական արուեստը չի կրնար գոյութիւն ունենալ առանց միջնորդի՝ կատարողի, որուն առաքելութիւնն է «կեանք տալ» երաժշտական ստեղծագործութեան, զայն հնչեցնել եւ լսելի դարձնել ունկնդիրներուն։

Ballet

Ballet-ն (թատերապար, պարախաղ) երաժշտական-բեմական արուեստի բարդ տեսակ է, ուր միաւորուած են պարը, միջախաղը, երաժշտութիւնը, թատերական մտայղացումը եւ գեղարուեստական ձեւաւորումը՝ տարածները, յարդարանքը։

Երգային արուեստ

Երաժշտութիւնը ըստ կատարման միջոցի կը բաժնուի երկու հիմնական խումբերու՝ երգային եւ նուագարանային։ Երգային արուեստը ըստ կատարողական ձեւի կ՚ըլլայ մենակատարային եւ խմբային։

Երաժշտութիւն. պատմութիւն եւ տեսութիւն

Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեանի այս գիրքը, իր բառերով «համառօտ կը ծանօթացնէ երաժշտութեան պատմութեան եւ անոր զարգացման ընթացքին, տեղեկութիւններ կու տայ տարբեր ազգերու երաժշտութեան եւ համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժշտահաններու մասին»։ Ըստ հեղինակին «ձեռնարկը կրնայ օգտակար ըլլալ երաժշտական հաստատութիւններու ուսանողներուն եւ հանրակրթական դպրոցներու միջին եւ բարձր դասարաններու աշակերտներուն։ Գիրքը կրնայ օգտակար ըլլալ երաժշտասէր լայն հասարակութեան։» Զնտուկին վրայ տեղադրուած է […]

Եւ այն ատեն…

Ուրեմն այսպէս. Արան պէտք է հրշէջները համոզէ, որ իրենց կարմիր բեռնատարը դպրոց բերեն։ Ան նաեւ պէտք է բոլոր աշակերտներուն ներկայացնէ «Փոքրիկ հրշէջներ» ծրագիրը: Ուրիշ հարց որ այս մէկը բնա՛ւ իր գաղափարը չէր… Հետաքրքրական է ուսապարկով արկածախնդրութիւն փնտռելու երթալը, անշուշտ եթէ բեռը չափազանց ծանր չըլլայ: Բարեբախտաբար արկածախնդրութեան կարելի է չսպասած ատենդ հանդիպիլ…G Արան եւ իր ընկերները […]