մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Հայ երաժշտական մշակոյթը 20-րդ դարերուն

Այս շրջանին դրուեցաւ ազգային դասական երաժշտութեան հիմը, զարգացաւ կատարողական արուեստը, աճեցաւ հետաքրքրութիւնը դէպի եւրոպական նուագարանները, երաժշտական սեռերը եւ ձեւերը։

Երաժշտագրութիւն

Երաժշտագրութիւնը երաժշտութիւնը գրի առնելու միջոց է, որ գործածած են տարբեր դարաշրջաններու եւ տարբեր երկիրներու մէջ։ Ներկայիս կը գործածուի դարերու ընթացքին ձեւափոխուած եւ կատարելագործուած եւրոպական երաժշտագրութիւնը։

Բառարան

Երաժշտագիտական եզրերու բառարան։

Հին շրջանի երաժշտութիւն

Երաժշտութիւնը բնութեան ձայներու ձեւով գոյութիւն ունեցած է աշխարհի ստեղծման առաջին օրէն։ Մարդու կողմէ երաժշտութեան յօրինումը սկսած է անոր խօսակցական լեզուի զարգացման հետ զուգահեռ։

Միջնադարեան երաժշտութիւն

Եւրոպական երաժշտական Միջնադարու սկիզբը, ըստ տարբեր հետազօտողներու, կը տարուբերի 200-500 թուականներուն միջեւ եւ կ՚աւարտի 1400-ին։ Անիկա երաժշտութեան պատմութեան ամենէն երկարատեւ եւ նուաճումներով ու իրագործումներով հարուստ ժամանակաշրջանն է։

Վերածնունդի ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

Երաժշտական Վերածնունդ կը համարուի 1400-1600 թուականներու միջեւ ընդգրկուած ժամանակահատրուածը։ Այդ շրջանին կը զարգանայ աշխարհիկ երաժշտութիւնը, կը զօրանայ ժողովրդային երաժշտութեան ազդեցութիւնը։

Պարոք ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

Պարոք դարաշրջանի երաժշտութիւնը կը բնորոշուի փառահեղութեամբ, ճոխութեամբ եւ «թատերականութեամբ»։ Անիկա կը յատկանշուի նորարական մօտեցումներով, յայտնութիւններով եւ իրագործումներով։

Վիպապաշտ ժամանակաշրջանի երաժշտութիւն

19-րդ դարու առաջին կիսուն Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ ծնունդ կ՚առնէ գաղափարական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ ուղղութիւն մը՝ Վիպապաշտութիւնը, որ կ՚ընգրկէ մշակոյթի բոլոր բնագաւառները։ Երաժշտական արուեստին մէջ Վիպապաշտ շրջանը կ՚ընգրկէ 1810-1900 թուականները։