զատած էք՝

Ալնիս Բալնիս
Տեսերիզներու շարք
«Ալնիս Բալնիս» արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսերիզներու շաբաթական ծրագիր մըն է, ուղղուած՝ 7-էն 12 տարեկաններուն։ Ամէն շաբաթ նոր հարցումի մը միջոցաւ
«Ալնիս Բալնիս» արեւմտահայերէնով պատրաստուած տեսերիզներու շաբաթական ծրագիր մըն է, ուղղուած՝ 7-էն 12 տարեկաններուն։ Ամէն շաբաթ նոր հարցումի մը միջոցաւ նոր նիւթ մը կ՚արծարծէ, քննադատական կեցուածք մը մշակելով եւ նոյն ատեն խաղալով եւ ստեղծելով։
Բնապահպանման խնդիրներէն մինչեւ մարդկային իրաւունքներ, գիտութենէն պատմութիւն, «Ալնիս բալնիս»ի դրուագները բազմակողմանի զարգացումի կարեւոր առիթ մը կ՚ընծայեն, գործածելով ժամանակակից միջոցներ։
10-15 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզները կ՚ուզեն երեխաներուն եւ պատանիներուն հաճելի փորձառութիւն մը փոխանցել եւ դասարանի մթնոլորտէն դուրս լեզուի զարգացման նպաստող միջավայր մը ստեղծել։
«Ալնիս Բալնիս» մաս կը կազմէ Երդիք ծրագիրին, որ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Ալնիս Բալնիս՝ երգեր
Տեսերիզներու շարք

Ակուլ Տուկուլ
