զատած էք՝

Հեղինակ՝ Զարեհ Որբունի
Էջերու քանակ՝ 74
Հրատարակիչ՝ Ակտուալ Արուեստ
Հրատարակութեան թուական՝ 2019
Վարձու սենեակ
Պատմուածքներ
«Արդեօք ուրիշ մէկը չէ՞ր իր տեղը խօսողը։ Մանաւանդ, անոր համար, որ իր նախապէս պատրաստած նախադասութիւնները տարբեր էին։ Ան պիտի ուզէր ըսել, օրինակի համար «Ա՜հ, դո՞ւն ես, ի՞նչ երջանկութիւն... մնացի՛ր, մինակ մի՛ ձգեր զիս...» եւ այլն։ Բայց անիծեալ բառերը գամուեր մնացեր էին իր մէջը։ Չէին ուզեր դուրս գալ։ Արտասանած բառերը օտար էին իրեն համար»։
Վարձու սենեակ պատմուածքներու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1939-ին, Փարիզի մէջ։ Որբունիի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ Փարիզի հայ գաղութի կեանքէն պատկերներ։ Գիրքին վերջաւորութեան կայ նաեւ Զարեհ Որբունիի հակիրճ կենսագրութիւնը։
«Վարձու սենեակ» մաս կը կազմէ «Սփիւռք մատենաշար»ին, որ մասամբ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
- տեսնել
- գտնել



Կապ հաստատել հրատարակիչին հետ՝ actualusartus@gmail.com
Հետեւեալ նիւթերը կրնան ձեզ հետաքրքրել

Ֆրանսահայ գրականութիւն
Գրականութիւն
Պըլտեան Գրիգոր
